Չեխիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբը Ունեցաւ Իր Նոր Մարզիչը

Փաւել Վրպա

Փաւել Վրպա

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Վիքթորիա Փլզենի մարզիչ Փաւել Վրպա նշանակուեցաւ Չեխիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ` փոխարինելով Միշալ Պիլեքը, որ իր արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով եւ 2014-ի Մոնտիալի տոմս մը չկարենալ ապահովելուն պատճառով ներկայացուց իր հրաժարականը:

Սակայն 49 տարեկան Վրպա իր նոր պաշտօնը պիտի ստանձնէ 1 յունուար 2014-էն սկսեալ, յայտնեց Չեխիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը:

«Շատ ուրախ ենք, որ ունեցանք մեր նոր մարզիչը, որ արձանագրած է փայլուն արդիւնքներ եւ ունի լաւ ճանաչում թէ՛ արհեստավարժներէ եւ թէ՛ համակիրներէ», ըսաւ Չեխիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Միրոսլաւ Փելթա:

Իր նոր պաշտօնը ստանձնելով` Վրպա առաջնահերթ նպատակ պիտի ունենայ իր խումբը հասցնել 2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտականներուն:

Share this Article
CATEGORIES