2014-ի Մոնտիալի Փլէյ-Օֆի Մրցումներ. Ռոնալտոյի Հեթրիքը Փորթուգալին Ապահովեց Պրազիլի Տոմսը. Շուէտ Եւ Ուքրանիա Դուրս Մնացին
Երէկ գիշեր տեղի ունեցան 2014-ի Մոնտիալի փլէյ-օֆի մրցումներ, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ յաւելեալ խումբեր ապահովեցին Պրազիլի իրենց տոմսերը:
Ռումանիա դուրս մնաց Մոնտիալէն, երբ իր դաշտին վրայ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Յունաստանի հետ: Երթին Յունաստան իր դաշտին վրայ 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր:
Խրուաթիա ապահովեց Պրազիլի իր տոմսը (երթ` 0-0)` նկատի ունենալով, որ 2-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Իսլանտայի:
Ինչ կը վերաբերի Փորթուգալի, որ երթին իր դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով յաղթած էր Շուէտի, ապահովեց Պրազիլի իր տոմսը` արձանագրելով 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը: Քրիսթիանօ Ռոնալտօ կերտեց Փորթուգալի յաղթանակը` իրագործելով հեթրիք մը (50-րդ, 77-րդ եւ 79-րդ): Զլաթան Իպրահիմովիչ նշանակեց Շուէտի երկու կոլերը (68-րդ եւ 72-րդ):
Վերջապէս, Եւրոպայի սահմանագօտիին մէջ Պրազիլի իր տոմսը ապահովեց Ֆրանսա, որ 3-0 արդիւնքով յաղթեց Ուքրանիոյ: Վերջինս երթին Ուքրանիոյ մէջ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր:
Նշենք, որ Ուքրանիա մրցումը աւարտեց տասը մարզիկով:
Նշենք, որ Հարաւային Ափրիկէի սահմանագօտիին մէջ Պրազիլի իրենց տոմսը ապահովեցին Ալճերիա եւ Ղանա:


