Սէուտցիները Զայրացա՞ծ Են
ՖԱՐԻՏ ԶԱՔԱՐԻԱ
Ստորեւ հրատարակուող յօդուածը յատուկ նշանակութիւն ունի մէկէ աւելի պատճառներով: Առաջինը այն է, որ լոյս տեսած է Միացեալ Նահանգներու ամէնէն հեղինակաւոր շաբաթաթերթերէն մէկուն` «Թայմ»-ի մէջ, որուն միջազգային նշանակութիւնը եւ կշիռը ծանօթ է քաղաքական աշխարհին: Երկրորդը այն, որ զայն ստորագրած է միջազգային համբաւի տէր լրագրող ու վերլուծաբան Ֆարիտ Զաքարիա, որ երկար տարիներ նոյնքան հեղինակաւոր ամերիկեան շաբաթաթերթի մը` «Նիուզուիք»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն մէկը ըլլալէ ետք, պաշտօնի կոչուեցաւ «Թայմ»-ի կողմէ: Այժմ ան նաեւ շաբաթական հերթականութեամբ միջազգային հարցեր արծարծող հարցազրոյց մը կը վարէ պատկերասփիւռի «Սի. Էն. Էն.» կայանէն: Բայց առաւել ուշագրաւը այն է, որ Միացեալ Նահանգներու վարած քաղաքականութեան ջատագով շաբաթաթերթ մը ու անոր խմբագիրներէն մէկը այս անգամ իրենց հարուածին թիրախ կ՛ընտրեն Միջին Արեւելքի մէջ, Իսրայէլէն ետք, Միացեալ Նահանգներու ամէնէն հաւատարիմ դաշնակից` Սէուտական Արաբիան: Ի վերջոյ օրը պիտի գար ճշմարտութիւնը բացայայտելու: Սակայն Ֆարիտ Զաքարիա տեղ մը զգոյշ է, իսկ դիրքորոշումը` խուսափողական: Ո՞վ պահանջեց, որ Սէուտական Արաբիա միլիառներ հոսեցնէ Աֆղանիստան` Խորհրդային բանակներուն դէմ թիկունք կանգնելու ու զինելու թալիպանները: Եւ դեռ այսօր, երբ վարձկաններ կ՛առաքուին Սուրիա, ո՞վ կը վճարէ անոնց վարձքը, ու երբ անխնայ քանակով ու որակով անգլիական, ֆրանսական, ամերիկեան եւ իսրայէլեան զէնք ու զինամթերք կը մատակարարուի վարձկաններուն, ո՞վ կը վճարէ անոնց գինը ու… որո՞ւն հրահանգով: Սէուտական Արաբիոյ մեղաւորութեան էջ ի՞նչ է մեղքի բաժինը Միացեալ Նահանգներուն…: Զ՛ուշանար եւ այդ բոլորին պարզաբանումը, երբ հոս ու հոն արդէն կծիկը սկսած է քակուիլ:
Ե. Հ. Ք.
Մեզի կ՛ըսուի, թէ Միացեալ Նահանգներու, Միջին Արեւելեան քաղաքականութիւնը ձախողութեան մէջ է, ու լաւագոյն ապացոյցը այն է, որ Սէուտական Արաբիա զայրացած է: Տիք Չինի, Ճոն Մք Քէյն, եւ Լինտսի Կրահամ իրենք ալ ահազանգուած են Ռիատի` Միացեալ Ազգերու Ապահովութեան խորհուրդի աթոռը մերժելու մասին: Սակայն մէկը ինչ ալ մտածէ Օպամայի վարչակարգին շրջանի հարցերը վարելու մասին, վստահօրէն Սէուտական Արաբիոյ կողմէ ատոր ընկալումը պէտք է ըլլայ վերջին չափանիշը Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը գնահատելու:
Եթէ երբեք Ամէնէն անպատասխանատու արտաքին քաղաքականութեան համար մրցանակ մը գոյութիւն ունենար, վստահօրէն պէտք է շնորհուէր Սէուտական Արաբիոյ: Ան ամէնէն պատասխանատու ազգն է աշխարհի մէջ իսլամական ծայրայեղութեան ու զօրապաշտութեան բարձրանալուն: Վերջին չորս տասնամեակներուն, թագաւորութեան քարիւղի անսպառ հարստութիւնը օգտագործուած է արտածելու Իսլամի ծայրայեղ, անհանդուրժող ու կատաղի տարբերակը, քարոզուած իր Ուահապի կղերին կողմէ:
Աշխարհին մէջ գացէք որեւէ տեղ` Գերմանիայէն մինչեւ Ինտոնեզա, ու դուք պիտի գտնէք սէուտական դրամով ողողուած իսլամական կեդրոնները, որոնք անհանդուրժողութիւն եւ ատելութիւն կը ցայտեն: 2007-ին, Սթուարթ Լեւի, ելեւմուտքի նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը, «Էյ. Պի. Սի. Նիուզ»-ին ըսաւ. «Եթէ կարենայի մատներս կծկել ու կտրել դրամական նպաստը մէկ երկրէ, այդ Սէուտական Արաբիան պիտի ըլլայ»: Երբ դէմ յանդիման կու գան փաստացի իրողութեան, սէուտցի պաշտօնեաներ յաճախ կը յայտարարեն, թէ այդ նպաստները կը հոսին անհատ անձնաւորութիւններէ ու սեփական հիմնարկութիւններէ, եւ թէ` կառավարութիւնը ոչ մէկ հակակշիռ ունի անոնց վրայ: Սակայն այդ հիմնարկութիւններէն շատեր հիմնուած են կառավարութեան կամ թագաւորական ընտանիքի բանալի անձնաւորութիւններուն կողմէ, եւ անոնցմէ ոչ մէկը կրնայ գործել` արհամարհելով ազգային քաղաքականութիւնը: Երկիրը բացարձակ թագաւորութիւն մըն է: 2009 դեկտեմբերի հեռագիրով մը (2010-ին բացայայտուած Ուիքի Լիքսի կողմէ, այդ օրուան արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն կը հաստատէ, որ ՍԷուտական Արաբիա կը մնայ «Ճակատագրական դրամական հիմք» մը ահաբեկչութեան համար, եւ թէ Ռիատ «միայն սահմանափակ քայլեր առած է» կասեցնելու դրամական աջակցութեան հոսքը Թալիպանի եւ այլ նմանօրինակ խմբաւորումներու:
Սէուտական Արաբիա մէկն է միայն երեք երկիրներէն, որոնք մինչեւ 11 սեպտեմբերի յարձակումը ճանչցան եւ օգնեցին Աֆղանիստանի մէջ Թալիպանի կողմէ ղեկավարուած կառավարութեան: Ան նոյնպէս գլխաւոր դերակատար մըն է Փաքիստանի մէջ, այժմ, աշխարհի ամէնէն մահասփիւռ ահաբեկիչներու տունը: Երկրի նախկին արդարադատութեան նախարար Իքպալ Հայտէր, օգոստոս 2012-ին, «Տէօչ Ուելլ» գերմանական լրատու գործակալութեան ըսաւ. «Անոնք Թալիպան ըլլան թէ Լաշխար-ի-Թայպա, իրենց գաղափարախօսութիւնը, առանց դոյզն կասկածի, սէուտական Ուահապի է»: Ան աւելցուց, որ կասկած չկայ, թէ Սէուտական Արաբիա թիկունք կը կանգնի Ուահապի խումբերուն` այս երկրին միջոցով:
2003-ին Քայիտայի կողմէ ուղղակի Ռիատի դէմ կատարուած յարձակումէն ասդին, սէուտցիներ ճնշած են ահաբեկչութեան վրայ` իրենց պետական սահմաններուն մէջ: Սակայն անոնք չեն դադրած թիկունք կանգնելէ Ուահապի կղերականներուն, կեդրոններուն, «մետրեսէներուն» եւ արտերկրի կռուողներուն: Իրաք պատերազմին ընթացքին սիւննի կռուողներուն առաւելագոյն աջակցութիւնը եկաւ սէուտական աղբիւրներէ: Այդ ոճը կը շարունակուի Սուրիոյ մէջ:
Սէուտական Արաբիոյ դիտողութիւնը Սուրիոյ եւ Իրանի հանդէպ Օպամայի վարչակարգի քաղաքականութեան` այդ երկիրներու ժողովուրդներուն հանդէպ տածած մարդկայնական մտահոգութիւններէ չէ թելադրուած: Անոնք ամրացած են թափանցող հակաշիի գաղափարախօսութեան մը մէջ: Ռիատ` Իսլամի բոլոր տարբերակներուն ու բաժանումներուն հետ վաղուց վերաբերած է որպէս հերձուածներու, եւ լռելեայն արտօնած այդ խմբաւորումներու ճնշումը: Մարդկային իրաւունքներու հսկող մարմինի, 2009 թուականի տեղեկագիր մը կը մանրամասնէ կերպերը, որոնցմով սէուտական կառավարութիւնը, կղերականները, կրօնական ոստիկանները եւ դպրոցները ծրագրուած կերպով խտրականութիւն կը գործադրեն տեղի շիի բնակչութեան դէմ, ներառեալ` ձերբակալութիւն, ծեծ եւ երբեմն սպաննող զինամթերք: (Եւ ոչ միայն շիիները, 2012-ի մարտին, Սէուտական Արաբիոյ մեծ մուֆթին կրօնական հրամանագիր մը հրապարակեց` յայտարարելով, որ` «անհրաժեշտ է քանդել Արաբական թերակղզիի բոլոր եկեղեցիները»):
Սէուտական Արաբիոյ մէջ տիրող իշխանութիւնը կը վախնայ, որ շիիներու որեւէ տեղ հզօրացումը կրնայ քաջալերել երկրին շիիները, որոնք տեղի բնակչութեան տասնհինգ տոկոսը կը կազմեն, ու կ՛ապրին երկրին այն մասին մէջ, ուր քարիւղի հանքերուն մեծամասնութիւնը կը գտնուի: Ահա թէ ինչու սէուտցիներ 2011 թուականի Արաբական գարնան բանակ ղրկեցին դրացի Պահրէյն` ճզմելու շիի մեծամասնութեան ապստամբութիւնը (Կղզիի իշխող թագաւորական տան դէմ):
Սէուտի արքայական տան անդամները շփոթած են` իրեց շրջանին մէջ եւ հեռու տեղի ունեցած դէպքերէն: Անոնք կը զգան, թէ դժգոհութիւնը, որ ծնունդը տուաւ Արաբական գարնան, բացակայ չէ իրենց երկրի ժողովուրդին մէջ: Անոնք կը վախնան Իրանի իշխանութեան վերահաստատումէն: Անոնք նաեւ գիտեն, թէ Միացեալ Նահանգներ շուտով կրնան ամբողջութեամբ անկախ զգալ Միջին Արեւելքի քարիւղէն:
Նկատի առած ուղղութիւնները` հաւանական է, որ Սէուտական Արաբիա մտահոգուած է այն մասին, որ Միացեալ Ազգերու Ապահովութեան Խորհուրդի աթոռ մը կրնայ արգիլել զինք իր ոչ օրինական գործունէութեան ազատութենէն: Եւ կամ` դիրքը կրնայ լուսարձակի տակ դնել իր շարք մը ոչ օրինական գործունէութիւնները: Եւ կամ կրնայ ստիպել Ռիատը, որ քուէարկէ հարցերու մասին, զորս ինք կ՛ուզէ անտեսել: Նաեւ հաւանական է, որ սէուտցիներ գործեցին յանկարծական ատելութեան նոպայի մը մէջ: Յամենայնդէպս, անոնք տարիներ ծախսած են աթոռին տիրանալու քարոզչութեան համար: Ինչ որ ըլլայ պատճառը, ընդունիք, թէ այո, Սէուտական Արաբիա բարկացած է Միացեալ Նահանգներէն: Բայց արդեօք մենք վստա՞հ ենք, թէ այդ նշան մըն է, որ Ուաշինկթըն սխալ բան մը կ՛ընէ:
«Թայմ», 11 նոյեմբեր, 2013
Թարգ. Ե. Հ. Ք.