Հետաքրքրական Զրոյց Մը` Հայաստանի Մէջ Սերպիոյ Պատուոյ Հիւպատոսին Հետ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Babken-SimonyanՉորեքշաբթի, 14 նոյեմբերին, Հայաստանի մէջ Սերպիոյ պատուոյ հիւպատոս, Հայաստանի եւ Սերպիոյ գրողներու միութեան անդամ Բաբգէն Սիմոնեան այցելեց «Ազդակ»-ի խմբագրատուն, ինչ որ առիթ ընծայեց զրուցելու բանաստեղծ, թարգմանիչ, հրապարակագիր, սերպագէտ, մշակոյթի գործիչ Բ. Սիմոնեանին հետ, որ 1975-էն ի վեր կը զբաղի սերպագիտութեամբ եւ հայսերպական գրական ու մշակութային կապերով: Ան հեղինակ է բանաստեղծութիւններու, վիպակներու, ակնարկներու, 9 գիրքի եւ շուրջ 800 հրապարակումներու, որոնց գերակշիռ մասը կը վերաբերի հայսերպական գրական եւ մշակութային կապերուն, ինչպէս նաեւ` սերպահայ գաղթօճախին վերաբերող խնդիրներուն: Բ. Սիմոնեան Սերպիոյ կառավարութեան որոշումով նոյեմբեր 2006-ին նշանակուած է Հայաստանի մէջ Սերպիոյ Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս, որմէ երկու ամիս ետք, 2007-ին, ըստ ընդունուած կարգի, Հայաստանի իշխանութիւնները զինք հաստատած են իբրեւ Սերպիոյ պատուոյ հիւպատոս:

Զրոյցի ընթացքին Բ. Սիմոնեան հետաքրքրական տեղեկութիւններ փոխանցեց Սերպիոյ շուրջ   250-300 հայերէ բաղկացած փոքր գաղութին մասին, որուն պատմութեան եւ ներկային քիչեր ծանօթ են:

Հայ-սերպական բարեկամական կապերը ստեղծուած են 13-րդ դարուն` շնորհիւ սերպ արքեպիսկոպոս Ս.Սաւայի, որ իր մահէն շուրջ մէկ տարի առաջ, 1235-ին, միջինարեւելեան երկիրներ այցելութեան մը աւարտին, Սերպիա վերադարձի ճամբուն վրայ այցելած է Կիլիկիա եւ մեծապէս տպաւորուած հայկական ճարտարապետութեամբ եւ ընդհանրապէս մշակոյթով: Սերպիա վերադառնալէ ետք, Ս.Սաւա որոշած է Կիլիկիայէն հայ ճարտարապետութեան վարպետներ հրաւիրել, որպէսզի անոնք մասնակցին սերպական յուշարձաններու կառուցման: Բ. Սիմոնեան կը նշէ, որ Սերպիոյ մէջ գոյութիւն ունին մինչեւ այսօր գործող վանքեր, որոնք կը կրեն հայկական ճարտարապետութեան ազդեցութիւնը, իրողութիւն մը, որ հաստատուած է գիտական ուսումնասիրութիւններու կողմէ, որոնք կը վկայեն, թէ սերպական ճարտարապետութեան, մասնաւորաբար Մորաւական ճարտարապետական դպրոցին մէջ հայկական ազդեցութիւն գոյութիւն ունի:

Հայերու` Սերպիոյ մէջ ներկայութեան իբրեւ թուական կարելի է նշել 1218-ը, երբ հայերը այդտեղ կառուցած են եկեղեցի մը, որ ցաւօք դադրած է գոյութիւն ունենալէ, սակայն անոր գրաբար եւ հին սլաւոներէն արձանագրութիւնը պահուած է Վիտովնիցա վանքին մէջ: Ս.Սաւայի կողմէ հրաւիրուած հայ վարպետները իրենց կարգին Սերպիա հաստատուած են. հետագային անոնց միացած են այլ հայեր, մասնաւորաբար 1319-ի Անին կործանած երկրաշարժէն ետք, երբ հայերը գաղթեցին Խրիմ, ապա Լեհաստան, ուրկէ ալ տարածուեցան դէպի եւրոպական այլ երկիրներ, ներառեալ` Սերպիա: Բ. Սիմոնեան կը նշէ սերպերու մականուններ, որոնք հայկական արմատներու մասին կը վկայեն, ինչպէս` Թորոսեւիչ (Թորոսեան) եւ Սուքիասովիչ(Սուքիասեան): Հայոց ցեղասպանութենէն ետք Սերպիա հասած են հայեր, որոնք սերպերու կողմէ շատ լաւ ընդունելութեան արժանացած են, որովհետեւ սերպերը 500 տարի թրքական տիրապետութեան տակ ապրած են, ուստի հայերու ճակատագիրը անոնց համար հասկնալի եղած է, աւելցնելով, որ սերպերը հայերու մասին մեծ յարգանքով կը խօսին: Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած այդ հայերը հիմնականին մէջ զբաղած են սուրճի առեւտուրով: 1922-էն 1950 Սերպիոյ քաղաքներէն Վալեւօ, ապա մայրաքաղաք Պելկրատ բնակած է Սողոմոն Թեհլիրեանը, որ հետագային փոխադրուած է Մարոք, ապա` Միացեալ Նահանգներ, սակայն անոր անդրանիկ որդին` Շահէնը վերադարձած է Սերպիա, ուր անցեալ տարի մահացած է 87 տարեկանին: Գաղութը հռչակաւոր դէմքեր ունեցած է, ինչպէս` մշակութային ու քաղաքական գործիչներ:

Ներկայիս գաղութին մէջ հայկական դպրոց եւ եկեղեցի գոյութիւն չունի, սակայն այդտեղ կիրակնօրեայ դպրոց մը կը գործէ: Երեւանէն գաղթած զոյգեր մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ ստեղծած են Սերպիոյ հայոց միութիւնը եւ կը փորձեն գաղութը աշխուժացնել, որպէսզի օտարութեան մէջ հայը իր ինքնութիւնը պահպանէ: Հայերը կեդրոնացած են Պելկրատի մէջ, իսկ այլ քաղաքներու մէջ կ՛ապրին շատ քիչ թիւով հայեր, որոնք հիմնականին մէջ խառն ամուսնութիւններու զաւակներ են:

Գաղութին փոքր ըլլալուն պատճառով ՀայաստանՍերպիա կապերու սերտացման աշխատանքը հիմնականին մէջ կը մնայ Բ. Սիմոնեանի ուսերուն: Ան կը կազմակերպէ փոխադարձ այցելութիւններ, ինչպէս նաեւ` Երեւանի եւ Պելկրատի մէջ գիտամշակութային ձեռնարկներ ու ցուցահանդէսներ: Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան հրաւէրով եւ Հայաստանի մէջ Սերպիոյ պատուոյ հիւպատոսին ջանքերով դեկտեմբերի 18-ին սերպական գեղարուեստական պատուիրակութիւն մը հնգօրեայ փոխադարձ այցելութեամբ(հայկական կողմը արդէն այցելած է Սերպիա) պիտի ուղղուի Հայաստան:

Հայաստանի մէջ Սերպիոյ պատուոյ հիւպատոսը կը նշէ, որ ՀայաստանՍերպիա տնտեսական կապերը տակաւին լիարժէք կերպով զարգացած չեն եւ այդ ուղղութեամբ պէտք է աշխատանք տանիլ, յոյս յայտնելով, որ պատերազմէ դուրս եկած Սերպիան, որ ելեւմտական, տնտեսական եւ քաղաքական որոշ խնդիրներ ունի, երբ իր «մէջքը շտկէ», տնտեսական փոխադարձ կապերը, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական կապերը կը զարգանան, աւելցնելով, որ  անհատ երեսփոխաններ այցելած են Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ: Ան շատ կարեւոր կը նկատէ, խորհրդարանական մակարդակի վրայ բարեկամութեան խմբաւորումներու յառաջացումը, որպէսզի սերպերը կարենան հասկնալ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Քոսովոյի խնդիրներու տարբերութիւնը: Բ. Սիմոնեան կը նշէ, որ սերպերը Լեռնային Ղարաբաղի հարցով քիչ մը զգուշաւոր կեցուածք որդեգրած են Քոսովոյի հարցի գոյութեան պատճառով, թէեւ ան բազմիցս անոնց բացատրած է, որ պէտք չէ զանոնք իրարու կապել եւ սերպաթափումի ենթարկուած Քոսովոյի հարցը պէտք է համեմատել հայաթափումի ենթարկուած Նախիջեւանի հարցին հետ:

Խօսելով Սերպիոյ մէջ ազրպէյճանական եւ թրքական կողմերու աշխատանքներուն մասին` Բ. Սիմոնեան պատմեց, որ ազրպէյճանական կողմը Ազրպէյճանի դեսպանատան մակարդակով Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահներուն հասցէին վատաբանութեամբ լեցուն յօդուած մը հրապարակած են Սերպիոյ ամէնէն հեղինակաւոր օրաթերթին` «Փոլիթիքա»ի մէջ, եւ ինք յօդուածով մը անոնց պատշաճ պատասխան մը տուած է: Յօդուածը արժանացած է սերպերու կողմէ «Կեցցե՛ն մեր հայ եղբայրները»-ի, «ազրպէյճանցիներն ու թուրքերը հայերուն սպաննած են»-ի եւ` «մենք կ՛աջակցինք մեր հայ եղբայրներուն»-ի նման բազմաթիւ դրական արձագանգներու, որմէ ետք ազրպէյճանական կողմը լռած է: Բ. Սիմոնեան նաեւ կը յայտնէ, որ թրքական կողմը մեծ աշխատանք կը տանի եւ կը համագործակցի ազրպէյճանական կողմին հետ. անոնք յաճախ կը մատնանշեն, որ ՐաՖՖի Էլպեքեանն ու Անդրանիկ Պօղոսեանը 1983-ին Պելկրատի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը սպաննեցին: Ան այդ հարցով երեք պատասխան յօդուած գրած է, որոնցմէ մէկը` Էլպեքեանի եւ Պօղոսեանի պաշտպան փաստաբան Փրիէզտա Փոփովիչի հետ սերպական ամսագրի մը մէջ հարցազրոյց մը, որմէ ետք ամսագրին գլխաւոր խմբագիրը իրեն հեռաձայնելով յայտնած է, թէ թրքական կողմէն ստացած է հեռաձայն մը, որ կը բողոքէր «այդ յանցագործներու» գովքին համար: Սակայն Սիմոնեան սերպերէ բազմաթիւ շնորհաւորական հեռաձայններ ստացած է: Նշեալ հարցազրոյցին ընթացքին Փոփովիչ նշած է, որ ինք ծանօթ է հայոց պատմութեան եւ չէր կրնար չպաշտպանել «հայու այդ երկու զաւակները»:

Բ. Սիմոնեան կը նշէ, որ Սերպիոյ հայ գաղթօճախին մասին գոյութիւն ունեցող ուսումնասիրութիւնները դժբախտաբար համապարփակ չեն, ուստի այդ բացը լրացնելու համար ինք այժմ կը կատարէ ուսումնասիրութիւն մը, որ իր իսկ խօսքով պիտի ըլլայ «գիտահանրամատչելի» գիրք մը, որ պիտի կոչուի «Ծանօթ եւ անծանօթ հայեր»: Ան կը նշէ, որ հիմնականին մէջ Վենետիկի եւ Վիեննայի Մխիթարեաններուն մօտ գտած է այդ հարցին վերաբերեալ այնպիսի աղբիւրներ ու տուեալներ, որոնց գոյութիւնը մինչեւ հիմա շատերու համար անծանօթ մնացած է:

Բ. Սիմոնեան կը նշէ, որ իբրեւ Հայաստանի մէջ Սերպիոյ հիւպատոս` տակաւին շատ աշխատանք ունի կատարելիք, աւելցնելով սակայն, որ` «պատուոյ հիւպատոսը կոչումս է, իսկ գրականութիւնը`  ճակատագիրս ու կեանքս»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )