ՀՅԴ Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Զօրակցական Նուիրահաւաքին Գոյացաւ 162 Հազար Տոլար

ARM_7042Նոյեմբեր 15-ին Մոնրէալի «Լէ Քրիսթալ» ընդունելութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբին նուիրահաւաքը, որուն ներկայ գտնուեցան Հայ դատի աւելի քան 200 զօրակիցներ:

Օրուան հանդիսավար Լոռի Ապրաքեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի գործունէութեան անցեալին եւ ներկային մասին զեկոյցն ու յառաջիկայ տարիներու աշխատանքներու ընդհանուր ծիրը համապարփակ ձեւով ներկայացուց յանձնախումբի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեան` շեշտելով, որ յանձնախումբին գործունէութեան գլխաւոր կէտերն են` հայ ժողովուրդի պահանջատիրական դատը, Արցախի եւ Ջաւախքի հիմնահարցերը եւ քանատական քաղաքական դաշտին վրայ դաշնակցային եւ նահանգային մակարդակներու վրայ տարուող Հայ դատի գծով քարոզչական նպատակաուղղուած աշխատանքները:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան իր կարգին զեկուցեց համաշխարհային գետնի վրայ տարուող աշխատանքներուն մասին` յայտնելով, թէ ներկայ հանգրուանին 35 շրջաններու մէջ գործող Հայ դատի յանձնախումբերուն դիմագրաւած գլխաւոր մարտահրաւէրը թրքական եւ ազրպէյճանական հակահայ քարոզչական արշաւն է:

Իրենց շրջաններու գործունէութեան մասին զեկոյցներով հանդէս եկան Ուաշինկթընի գրասենեակի նախագահ Քեն Խաչիկեան, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Նորա Յովսէփեան, Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Ռիչըրտ Սարաճեան եւ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Վաչէ Գահրամանեան:

Օրուան հանդիսավար Լոռի Ապրաքեան յայտարարեց, թէ նուիրահաւաքի հանդիսութեան ընթացքին նուիրատուներէն գոյացած գումարը հասած է 162 հազար տոլարի:

Հանդիսութեան փակումը կատարեց առաջնորդ Խաժակ արք. Յակոբեան, որ կոչ ուղղեց համայն գանատահայութեան` տէր կանգնելու հայութեան արդար Դատին եւ մասնակից դառնալու Հայ դատի աշխատանքներուն:

Նուիրահաւաքի հանդիսութիւնները յառաջիկայ ամիսներուն պիտի շարունակուին Թորոնթոյի, Քեմպրիճի, Ս. Քաթրինզի, Համիլթընի եւ Վանքուվըրի մէջ:

Share this Article
CATEGORIES