Մեսրոպեան Վարժարանի Մանկապարտէզը Կ’օժտուի Ինթըրաքթիւ Պորտերով
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի 9 դասարանները նոյեմբեր ամսուան սկզբնաւորութեան օժտուեցան ինթըրաքթիւ պորտերով:
Այսուհետեւ, մանկաապարտէզի 205 աշակերտները իրենց բոլոր դասանիւթերու կրթական ծրագիրներուն պիտի հետեւին նոր միջոցներով եւ արդիական մեթոտներով: Տարեշրջանի ընթացքին, մասնագէտներու ընկերակցութեամբ պիտի կայանան մանկավարժական եւ մեթոտաբանական հանդիպումներ` քննութեան առարկայ դարձնելու գործիքի գործածութեան նոր եղանակները եւ մնայուն կերպով հետեւելու արհեստագիտական նորարարութիւններուն:
Յայտնենք նաեւ, որ արդիականացման շրջագիծին մէջ, վարժարանի հայագիտական բաժանմունքը սկսած է հայագիտական դասանիւթերու դասաւանդման նպաստող տեսերիզներու պատրաստութեան աշխատանքին: Առաջին տեսերիզը պատրաստ է եւ կրթական ծրագիրին մաս պիտի կազմէ: Հետագային, այս տեսերիզները պիտի դառնան հասարակութեան սեփականութիւնը: