Էդիկ Մինասեան Եւ Մհեր Յովհաննիսեան Այցելեցին Մեսրոպեան Վարժարան
Երեքշաբթի, 12 նոյեմբեր 2013-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան այցելեցին ՀՅԴ Լիբանանի Քարոզչական մարմինին հրաւէրով Լիբանան այցելած պրն. Էդիկ Մինասեան (Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի վարիչ, պատմութեան գիտութիւններու, տոքթոր) եւ Մհեր Յովհաննիսեան (Երեւանի պետական համալսարանի հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն, պատմութեան գիտութիւններու թեկնածու): Պատուիրակութեան կ՛ընկերակցէր Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան ներկայացուցիչ Վարդան Ադամեան:
Պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնԿրէկուար Գալուստին եւ հայագիտական դասանիւթերու համակարգող Րաֆֆի Տէմիրճեանին հետ: Քննարկուեցան Երեւանի պետական համալսարան-Մեսրոպեան վարժարան գործակցութեան կարելիութիւններն ու ընտրանքները, ինչպէս նաեւ հայագիտական դասանիւթերու եւ դասագիրքերու առնչուած շարք մը խնդիրներ:
Ապա հիւրերը հանդիպում ունեցան հայագիտական դասանիւթերու ուսուցչուհիներուն եւ խումբ մը աշակերտներու հետ: Մհեր Յովհաննիսեան ներկայացուց Երեւանի պետական համալսարանի ցանցերը եւ բաժանմունքները: Հիւրերը գնահատեցին Մեսրոպեան վարժարանի գործունէութիւնը, եւ մաղթեցին, որ յառաջիկային երկկողմանի գործակցութիւնը ունենայ առարկայական եւ գործնական բնոյթ: