Հայ Աւետ. Քոլեճի Պատմութեան Ակումբի Այցը Նախագահական Պալատ
Յատուկ արտօնութեամբ Հայ աւետ. քոլեճի Պատմութեան ակումբի 42 անդամները, առաջնորդութեամբ դպրոցի տնօրէն եւ Ակումբի խորհրդատու տոքթ. Զաւէն Մսըրլեանի եւ ընկերակցութեամբ պատմութեան դասատու Պրն. Հաննա Պշարայի, այցելեցին Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահի Պաապտայի պալատը:
Հոն աշակերտները դիմաւորուեցան նախագահական պալատի փրոթոգոլի պատասխանատուներէն Իլիաս Հասունի կողմէ, որ աշակերտները պտըտցուց պալատի բոլոր ժողովասրահներն ու ընդունելութեան սրահները, ներառեալ` նախարարաց խորհուրդի գրասենեակը, նախագահին գրասենեակը, մեծ ու փոքր ընդունելութեանց սրահները` լայն բացատրութիւններ տալով:
Վերջաւորութեան աշակերտներուն ցուցադրուեցաւ ժապաւէն մը` նախագահական պալատին եւ Լիբանանի անկախութենէն ի վեր բոլոր նախագահներուն մասին: Ապա պալատի լուսանկարիչը հաւաքական խմբանկարներ առաւ: Հուսկ, աշակերտները գոհունակութեամբ մեկնեցան Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահի պալատէն: Փրոթոգոլի ներկայացուցիչին տրուեցաւ նախագահին հասցէագրուած յարգանքի յուշապակի մը: