Ազգային Յառաջ – Գ. Կիւլպէնկեան Քոլեճի Թարգմանչաց Տօնակատարութեան . «Մեր Սեփական Հոգիով Ընկալեցինք Փոքրիկ Հայաստանի Մը Հայեցի Շունչն Ու Ոգին» Ըսաւ Սէյրանուհի Օհանեան

harach-(1)Հինգշաբթի, 24 հոկտեմբեր 2013-ին Այնճարի «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահը ժամադրավայրն էր Յառաջ – Գ. Կիւլպէնկեան ազգային վարժարանի աշակերտութեան եւ անձնակազմին` դիմաւորելու համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան հրաւէրով Լիբանան գտնուող` հայրենի հրատարակչատուներու եւ գրադարաններու տնօրէններու պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ` Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան վարչութեան պետ Սէյրանուհի Օհանեանի եւ միասնաբար տօնակատարելու թարգմանչաց տօնը:

Քայլերգներու յոտնկայս ունկընդրութենէ ետք, վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեան ողջոյնի խօսքով դիմելով հայրենի հիւրերուն` յայտնեց.  «Բարի եկած էք Մուսա լերան հերոսամարտի ժառանգորդներուն բնակավայրը, որ Մովսէս Տէր Գալուստեանի, Սարգիս Զէյթլեանի, Եդուարդ Պօյաճեանի, Պօղոս Սնապեանի եւ Պետրոս Հերեանի աճելավայրն ու ոգեղէն պատուանդանը կը հանդիսանայ»:

Տնօրէնը հաստատեց, որ իբրեւ ազգային գաղափարախօսութեան, մշակոյթի եւ լեզուի տիրութեան պայքար վարող կազմակերպ հաւաքականութեան մասնիկ, հայրենիքի եւ սփիւռքի կամրջման գլխաւոր ապաւէնը գիրքը, գրականութիւնն ու  մշակոյթն է: Վարժարանի թարգմանչաց տօնի նշման հայրենի գիրքի տարածման ասպետներու ներկայութեան գօտեպնդիչ նկատեց ան:

Ապա աշակերտութեան խօսքը փոխանցեց 10-րդ դասարանէն Միրնա Գասամանեան, որ վեր առաւ Թարգմանչաց սերունդին գործը, զայն համարելով հայ ժողովուրդի քաղաքակրթական անկախութեան եւ ճառագայթումի սխրանք: Ան վերանորոգեց աշակերտութեան ուխտը` հաւատարիմ մնալու Ս. Մեսրոպի ու անոր աշակերտութեան առաքելութեան խորհուրդին:

harach-(2)Գեղարուեստական յայտագիրի մատուցումով, աշակերտները երգով, պարով ու ասմունքով ծաղկեցուցին պահը: Ա. դասարանի աշակերտները այբուբենի գիրերը զետեղեցին բեմին շուրջ եւ «Իմ դասագիրք» բանաստեղծութեամբ կարեւորեցին հայ գիրքի տարածումը: Յաջորդաբար բեմ ներկայացան Բ., Գ. եւ Դ. դասարաններու աշակերտները, որպէսզի խմբային արտասանութիւններով հնչեցնեն «Հայրենի լեզու», «Իմ հայ լեզու» եւ «Այբուբեն հայոց»-ը: Ե. դասարանի իւրաքանչիւր աշակերտ իր կարգին ներկայացուց Մեսրոպ Մաշտոցի կեանքին ու գործերուն մասին ամփոփ տեղեկութիւններ, զորս եզրափակեցին «Ե՛կ խօսինք եղբայր իմ հայերէն» միտքի արտայայտութեամբ: Երաժշտական մեղեդիով հնչող Զ. դասարանի խմբային արտասանութիւնը նուիրուած էր Մեսրոպ Մաշտոցին:

Նախակրթարանի դասարաններու միաձուլումով երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ «Ով Մեծասքանչ դու լեզու» երգով, ապա միջնակարգի եւ երկրորդականի պարախումբերը ներկայացուցին «Ամպեց կորաւ» եւ «Մուշ» պարերը:

Տօնակատարութեան աւարտին տնօրէնը բեմ հրաւիրեց Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան վարչութեան պետ Սէյրանուհի Օհանեանը, որ յուզումով ու հարազատ ապրումներով արտայայտուեցաւ եւ ըսաւ. «Սեփական աչքերով տեսանք ու մեր սեփական հոգիով ընկալեցինք փոքրիկ Հայաստանի մը հայեցի շունչն ու ոգին, հայ գիրերու կենդանացումը եւ գրականութեան հանդէպ սէրը»: Ան աւելցուց, որ մաշտոցեան նպատակներու իրականացումով անսակարկելի ժառանգութիւն մը կը տողանցէ հայ ժողովուրդին հետ, իբրեւ պաշտպան, իբրեւ «զէնք ու զրահ»:

Սէյրանուհի Օհանեան խօսքը ուղղելով աշակերտութեան` պատուիրեց, որ հայ ըլլալու առաքելութիւնը պահելու համար անոնք շարունակեն իրենց երթը նոյն շունչով ու ոգիով, հպարտանալով ու մասնակից դառնալով հայ ազգին մղած բազմաճակատ պայքարներուն:

Եզրափակելով իր խօսքը` Օհանեան յայտնեց.

«Հայ ժողովուրդին անունով կը խոնարհինք հայ հերոսական ժողովուրդի ժառանգորդներուն առջեւ եւ մեզի հետ կը տանինք ձեր աչքերուն փայլքը, ձեր հարազատութիւնը ու ձեր հայրենասէր գիտակցութիւնը»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )