Հովանաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ Եւ Լիազօր Դեսպան Աշոտ Քոչարեանի. Յուշ Երեկոյ` Նուիրուած Հայրենի Գրող Լեւոն Անանեանի

Ananian_Housh Yerego

 

 

 

 

 

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ ներկայութեամբ մեծարեալի այրիին` Աղաւնի Անանեանի, մշակութասէր հանրութեան եւ Համազգայինի Լիբանանի ընտանիքին, երէկ` չորեքշաբթի, 20 նոյեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, տեղի ունեցաւ հայրենի վաստակաշատ գրող եւ Հայաստանի գրողներու միութեան նախկին նախագահ Լեւոն Անանեանի նուիրուած յուշ երեկոն:

Սիլվա Քիւրքճեան

Սիլվա Քիւրքճեան

Սարգիս Կիրակոսեան

Սարգիս Կիրակոսեան

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած այս ձեռնարկին բացումը Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անունով կատարեց Սիլվա Քիւրքճեան:

«Արտակարգօրէն մեծ էր կորուստը», ընդգծեց ան` մաղթելով, որ Անանեանի նուիրուած այս յուշ երեկոն կու գայ աւելնալու Հայաստանը սփիւռքին միացնող ոսկիէ շղթային` իբրեւ ամրակուռ օղակ: Քիւրքճեան հակիրճ կերպով ներկայացուց հանգուցեալ գրողին կենսագրականը` թուելով յայտագիրի գլխաւոր մասերը:

Ապա ցուցադրուեցաւ կարճատեւ տեսերիզ մը, ուր հայրենի թէ սփիւռքահայ ծանօթ մտաւորականներ Պերճ Զէյթունցեան, Զօրի Բալայեան, Փիթըր Սուրեան, Ռոպեր Հատտէճեան եւ ուրիշներ յարգանքի իրենց խօսքը փոխանցեցին Լեւոն Անանեանի մասին:

Տեսերիզի աւարտին խօսք առաւ լիբանանահայ բանաստեղծ, գրող Սարգիս Կիրակոսեան, որ ամփոփ տողերու մէջ ներկայացուց Անանեանի գրական վաստակը` իբրեւ գրող, խմբագիր, հրապարակագիր եւ մարդ: «Կողբէն Երեւան իջած այս պինդգլուխ գիւղացին, արդէն կանուխ տարիքէն հաստատ քայլերով մուտք գործած էր գրական անդաստանէն ներս», ըսաւ Կիրակոսեան իբրեւ «անկրկնելի ղեկավար մը» նկարագրելով մեծարեալը: Ան վեր առաւ Անանեանի նկարագրային յանձնառու մօտեցումը, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, յամառօրէն շարունակեց հրատարակել «Գարուն» գրական ամսագիրը: «Մէկ ազգ մէկ մշակոյթ» կարգախօսով, Անանեան նոր կենսունակութիւն պարգեւեց Հայ գրողներու միութեան», ընդգծեց Սարգիս Կիրակոսեան: Ան ներկաներուն աւետեց, որ Համազգայինի հրատարակչատունը պիտի հրատարակէ անոր անտիպ մէկ գործը:

Ժիրայր Դանիէլեան

Ժիրայր Դանիէլեան

Ապտօ Լապաքի

Ապտօ Լապաքի

Այս առիթով իր յարգանքի յատուկ խօսքը փոխանցեց նաեւ լիբանանցի ծանօթ գրող-մտաւորական Ապտօ Լապաքի, որ խոր ակնածանքով անդրադարձաւ Լեւոն Անանեանի գրական աւանդին:

Արաբերէն իր խօսքին մէջ Լապաքի ցաւ յայտնեց, որ կարելի չէ եղած աւելի երկար հանդիպում ունենալ Անանեանի հետ` ընդգծելով, որ ան մեծ բաց մը ձգեց իր ետին:

Ապա խօսք առաւ լիբանանահայ մտաւորական Ժիրայր Դանիէլեան, որ սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց Լեւոն Անանեանի գրական իրագործումները` «Գարուն» ամսագիրը 15 հազար տպաքանակէն մինչեւ հարիւր հազար օրինակով տպել, «Ափոլոն» հրատարակչատան հիմնումը եւ այլն: Ան հանգամանօրէն թուեց Լեւոն Անանեան գրագէտի գործերը` ներկայացնելէ ետք անոր կենսագրականը:

Այս առիթով իր սրտի խօսքը ուղղեց նաեւ հանգուցեալ Լեւոն Անանեանի այրին` Աղաւնի Անանեան, որ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանին, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Սարգիս Կիրակոսեանին եւ այս երեկոյի իրագործման նպաստած բոլոր բարեկամներուն: «Այս երեկոն ցոյց տուաւ, թէ Լեւոնի ջանքերը ի զուր չեն գացած եւ թէ անոր գործը շարունակողներ կան», ընդգծեց Ա. Անանեան:

Դեսպան Աշոտ Քոչարեան

Դեսպան Աշոտ Քոչարեան

Աղաւնի Անանեան

Աղաւնի Անանեան

Նմանապէս իր յարգանքի խօսքը փոխանցեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ նշելէ ետք Անանեանի գրական իրագործումները, յիշեցուց, որ ան 26 մայիս 2008-ին պարգեւատրուած էր «վաստակաւոր գործիչ» շքանշանով` Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ: «Ան նաեւ թատրոնի մարդ էր, վառ անհատականութիւն ունէր, անդառնալի է անոր կորուստը, ան նախաձեռնող, ճշմարիտ մտաւորական էր», ընդգծեց դեսպան Քոչարեան` իր խոր վշտակցութիւնը յայտնելով Անանեանի այրիին եւ զաւակներուն:

Խոր ակնածանքի եւ յուզումնախառն մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած այս ձեռնարկը յատուկ փայլք ու դրոշմ ստացաւ, երբ օփերայի ծանօթ երգչուհի Արեւիկ Գրիգորեան մեներգեց «Աւէ Մարիա», «Կռունկ ուստի կու գաս» եւ Կոմիտասէն այլ երգեր: Դաշնակի վրայ անոր ընկերացաւ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի խոստմնալից ու տաղանդաւոր դաշնակահար Նարէ Աղասարգիսեան:

 

levon2

levon1

 

 

 

 

 

 

 

Նմանապէս, Սարին Փոլատեան ասմունքեց Լեւոն Անանեանի «Հաւաքական ուժի պատգամը» խորագրեալ բանաստեղծութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES