Արամ Ա. Կաթողիկոս «Թռչնոց Բոյն»-ի Մէջ
Անցնող օրերուն, Արամ Ա. կաթողիկոս անակնկալ այցելութիւն մը տուաւ «Թռչնոց բոյն»` վերջինիս բարերարներէն տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններուն հետ: Վեհափառ հայրապետը մօտէն հետաքրքրուեցաւ «Թռչնոց բոյն» հաստատուած փոքրիկներու առօրեայ կեանքով եւ անոնց նկատմամբ որբանոցի պատասխանատուներուն ցուցաբերած հոգածութեամբ ու խնամքով: Վեհափառ հայրապետը ուրախութեամբ հաստատեց «Թռչնոց բոյն»-ի մէջ կատարուող կազմակերպ ու հոգածու աշխատանքը:
Յայտնենք, որ այս տարի 42 փոքրիկներ պատսպարուած են «Թռչնոց բոյն»-ի մէջ: Այս առիթով վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց «Թռչնոց բոյն»-ին զանազան ձեւերով օգտակար հանդիսացող բոլոր բարերարներուն` ըսելով, որ մեր ժողովուրդի կարիքաւոր զաւակներուն օգտակար ըլլալը աստուածահաճոյ գործ է եւ Աստուած պիտի վարձատրէ բոլոր անոնց, որոնք աղքատին, կարիքաւորին, հիւանդին ու զրկեալին օգտակար կ՛ըլլան:

