«Տեմիրճեան» Կեդրոնին Մէջ. «Սերպիոյ Հայ Համայնքը Ժգ.- ի. Դար» Նիւթով Դասախօսութիւն

DSC_8458Կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Անդրանիկ» մշակութային մարմինին, երեքշաբթի, 19 նոյեմբեր 2013-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնի 5-րդ յարկի սրահին մէջ հայրենի բանաստեղծ, հրապարակագիր եւ թարգմանիչ, Հայաստանի մէջ Սերպիոյ պատուակալ հիւպատոս Բաբգէն Սիմոնեան դասախօսեց «Սերպիոյ հայ համայնքը» նիւթով:

Բացման խօսքը արտասանեց «Անդրանիկ» մշակութային մարմինի ատենապետ տոքթ. Արմէն Իւրնեշլեան, որ կեդրոնանալով Բաբգէն Սիմոնեանի բանաստեղծութիւններուն եւ Սերպիոյ նկատմամբ անոր մեծ սիրոյն վրայ, զարմանք յայտնեց, այդ ինչպէ՞ս է, որ սփիւռքահայերուս յատուկ «կրկնակ հայրենասիրութիւնը» վարակած է նաեւ հայրենի մտաւորականը:

62 սահիկներու ցուցադրութեամբ, Բաբգէն Սիմոնեան ներկայացուց Սերպիոյ հայ համայնքի պատմութիւնը: 1218 թուականի հայերէն եւ սերպերէն վիմագիր արձանագրութիւն մը, որ պահպանուած է Վիտովնիցա վանքին մէջ, կը վկայէ Ս. Յակոբ եւ Ս. Պետրոս հայկական վանքի մը շինութեան մասին: 1392 թուականին կառուցուած է Երմենչիչ (Հայկական) վանքը, ըստ կարգ մը վարկածներու օսմանեան բանակէն փախած եւ իրենց արմատներուն վերադարձած հայ ենիչերիներու կողմէ, ըստ այլ վարկածներու` հայ հոգեւորականներու կողմէ: Ապա Սիմոնեան ներկայացուց ԺԷ. եւ ԺԸ. դարերու հայկական եւ հայագիր տապանաքարեր, որոնք վերծանուած են իր կողմէ, եւ այժմ յատուկ խնամքով կը պահուին Պելկրատի Կալեմեկտան զբօսայգիին մէջ: Սերպիոյ մէջ հայկական ներկայութեան փաստ է նաեւ ԺԸ. դարուն Նովի Սատի մէջ կառուցուած հայկական եկեղեցին, որ քանդուած է 1963-ին: Ըստ Սիմոնեանի, ծրագիրներ կան զայն նոյնութեամբ վերաշինելու:

Բաբգէն Սիմոնեան հանգամանալից կերպով ներկայացուց Մխիթարեան միաբանութեան արխիւներուն ներկայացուցած կարեւորութիւնը Սերպիոյ հայ համայնքի պատմութեան ուսումնասիրութեան համար: Ան 3 անգամներ, 20 օրեր շարունակ, օրական 20 ժամ ուսումնասիրած է միաբանութեան Վիեննայի արխիւները, եւ յայտնաբերած ու թուայնացուցած է աւելի քան 2500 էջ արխիւային նիւթ: Մխիթարեան տպարանին մէջ լոյս տեսած են նաեւ քանի մը տասնեակ սերպերէն գիրքեր, որոնց ամէնէն նշանաւորը սերպերէն բառարան մըն է, տպուած` 1852-ին: Կան սերպ գրող եւ բանասէր Վուկ Քարաճիչին նամակները, ուր ան կը վկայէ, թէ Մխիթարեան տպարանը Եւրոպայի լաւագոյններէն է:

Դասախօսութեան վերջին մասով Սիմոնեան ներկայացուց Սերպիոյ հայ համայնքի ականաւոր դէմքերը, որոնք մեծ նպաստ ունեցած են սերպական մշակոյթին ու գիտութեան մէջ: Ան անդրադարձաւ նաեւ ազգային հերոս Սողոմոն Թեհլիրեանի Սերպիոյ մէջ անցուցած տարիներուն` ներկայացնելով լուսանկարներ Թեհլիրեանէն ու անոր ընտանիքէն:

Փակման խօսքով, Կորիւն արք. Պապեան գնահատեց այս ձեռնարկին կազմակերպիչները եւ մեծապէս դրուատեց Բաբգէն Սիմոնեանի աշխատանքը` անհրաժեշտ սեպելով նուազ ծանօթ գաղութներու պատմութեան ուսումնասիրութիւնն ու հանրութեան ներկայացումը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )