Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Կինը Եւ Սրտի Տագնապները» Նիւթով Դասախօսութիւն
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 20 նոյեմբեր 2013-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կինը եւ սրտի տագնապները» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց հիւանդապահ Նուր Ապի Զահըր:
Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան, որ նշեց վերոնշեալ առողջապահական նիւթին անհրաժեշտութիւնը կիներուն մօտ: Մէյրի Արեւեան ներկայացուց դասախօսը` հիւանդապահ Նուր Ապի Զահըրը, որ իր մասնագիտութիւնը ամբողջացուցած է «Սրտանօթային հիւանդութիւնները կնոջ մօտ» ուսումնասիրական աշխատանքով: Արեւեան բացատրեց ներկայացուելիք դասախօսութեան բնոյթը, նպատակը, յատկապէս կեդրոնանալով երկխօսութեան բնոյթին վրայ:
Նուր Ապի Զահըր դասախօսութեան սկսաւ հարցումով մը` ուղղուած ներկաներուն, թէ ի՞նչ է սրտի տագնապը: Լսելէ ետք ներկաներուն տարբեր պատասխանները` Ապի Զահըր հրաւիրեց զանոնք դիտելու տեսերիզ մը` յատուկ «Կինը եւ սրտանօթային հիւանդութիւնները» նիւթով:
Տեսերիզը կը ներկայացնէ համեստ, 50 տարեկան տիկին մը, որ վերադառնալով շուկայէն, շալկելով քանի մը ծրարներ, սանդուխտներէն կը բարձրանայ իր տունը: Տուն հասնելով բաւականին յոգնած, շնչահեղձ վիճակի մէջ, անտեսելով այս բոլորը ան կը շարունակէ ծրարներու տեղադրումը, տան դասաւորումը եւ մաքրութիւնը: Այս շարունակաբար ծանր եւ յոգնեցուցիչ ֆիզիքական ճնշումը պատճառ կը դառնայ, որ կինը աւարտին ունենայ սրտի տագնապներ ու փոխադրուի հիւանդանոց:
Տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք դասախօսը տարբեր հարցումներով դիմեց ներկաներուն:
Ի՞նչ են ախտանշանները սրտի տագնապին.
– Կուրծքի ցաւ
– Շունչի նեղութիւն
– Ուսերու ցաւ
– Գլխապտոյտ, քրտինք
– Սրտխառնուք
Ո՞վ աւելի ենթակայ է սրտանօթային հիւանդութիւններու.
– Ծխողները
– Շաքարախտաւորները
– Գերճնշումէ տառապողները
– Բարձր կշիռ ունեցողները
– Նուազ ու քիչ շարժում ունեցողները
– Ճնշուածութենէ ու ջղային վիճակներէ տառապողները
Անհրաժեշտ է նշել նաեւ ժառանգական ազդակը, որ ունի իր կարեւոր բաժինը:
Դասախօսը պատասխանելով ներկաներու հարցումներուն թուեց այն միջոցները, որոնցմով կարելի է կանխարգիլել սրտանօթային տագնապները: Այդ միջոցները հետեւեալներն են.
– Դադրեցնել ծխելը
– Մարզանքը վերածել շարունակական ընթացքի
– Հետեւիլ եւ պահպանել շարունակական ու առողջ սննդականոնը` պահելով առողջապահականօրէն ընդունուած կշիռի չափանիշերը
– Մասնագէտ բժիշկի ցուցմունքներով հետեւիլ արեան քննութիւններու, տարբեր այլ քննութիւններու եւ դեղերու գործածութեան:
Աւարտին դասախօսը կարեւորութեամբ նշեց, որ սրտի որեւէ տագնապի պարագային անյապաղ պէտք է հեռաձայնել շտապ օգնութեան եւ ստանալ արագ բժշկական հոգածութիւն` կանխարգիլելու սրտանօթային բարդ վիճակները:


