Արթուր Աբրահամ. «Մտադիր Եմ «Ոչնչացնել» Շթիքլիցը Եւ Վերադարձնել Ախոյեանութիւնը»

arthur_abrahamԵրէկ` չորեքշաբթի, 20 նոյեմբերին, «Ուրբաթ» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ կռփամարտի աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամի մամլոյ ասուլիսը` «Յառաջիկայի ծրագիրներ, տիտղոսային փոխվրէժի մենամարտ` աշխարհի ախոյեան Ռոպըրթ Շթիքլիցի դէմ» խորագիրին տակ:

ArmSport.am լրատու գործակալութիւնը կ՛անդրադառնայ այդ հարցազրոյցին: Նկատի ունենալով, որ այդ հարցազրոյցը բաւական երկար է, մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք անոր շահեկան բաժինները.

«Ռոպըրթ Շթիքլիցի դէմ տեղի ունենալիք այդ մենամարտը իմ կեանքիս գլխաւոր մենամարտը կը սեպեմ, որովհետեւ որոշած եմ անպայման յաղթել եւ վերադարձնել ախոյեանական գօտիները:

«Ներկայիս անոր դէմ ճակատելու փորձերուս համար չեմ եկած Հայաստան, այլ պարզապէս հանգստանալու համար:

«Քիչ մը շեղելով նիւթէն, կու գամ ըսելու, որ ֆութպոլիստ Հենրիխ Մխիթարեանի հետ սկսայ աւելի լաւ յարաբերութիւններ ունենալ անոր Գերմանիա ժամանումէն ետք: Անոր կատարած բոլոր մրցումներուն ալ կը փորձեմ ներկայ գտնուիլ, եւ ընդհանրապէս իրարու հետ կը զրուցենք հեռաձայնով, իրարմէ 700 քմ հեռու ենք:

«Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի կամ այլ երկիրներու քաղաքական լուրերուն, երբեմն միայն անոնց կը հետեւիմ համացանցէն, որովհետեւ այս լուրերը զիս չեն հետաքրքրեր, ես մարզիկ եմ, եւ իմ կեանքս կապուած է մարզաշխարհին հետ:

«Անդրադառնալով անձնական կեանքիս` անոր մասին մօտիկ ապագային պաշտօնական յայտարարութիւն մը պիտի կատարեմ: Միայն կու գամ ըսելու, որ կեանքի ընկերս պիտի ըլլայ հայ:

«Եզրափակելով ըսեմ: Ես մտադիր եմ այս մարզաշխարհին մէջ մնալ մինչեւ 35 տարեկան: 11-12 տարեկանէս ի վեր կը մարզուիմ: Շթիքլիցի դէմ ճակատումին մասին միայն մէկ բան կրնամ ըսել, որ կը պատրաստուիմ զինք «ոչնչացնել» եւ յաղթական դուրս գալ»:

Share this Article
CATEGORIES