Շաբաթ, 30 Նոյեմբերին. «Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Նուիրուած Վազքի 7-րդ Մրցումը» Յայտարարեց Անթունիէ

ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԸ` ԺՈԶԵՖ ՖԱՏՏՈՒԼԻ

ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԸ` ԺՈԶԵՖ ՖԱՏՏՈՒԼԻ

Երէկ` չորեքշաբթի, 20 նոյեմբերին, Անթունիէ Պաապտա ակումբը իր կեդրոնատեղիին մէջ տուաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարեց որ շաբաթ, 30 նոյեմբերին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի անկախութեան տօնին նուիրուած վազքի 7-րդ մրցումը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ հսկողութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին:

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին խօսք առաւ Անթունիէ ակումբի մարզական բաժանմունքի գլխաւոր պատասխանատու հայր Ժորժ Սատաքա:

Ան ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկայացուց, թէ ի՛նչ ձեւով պիտի ընթանայ վազքի այս մրցումը:

Մրցումը պիտի սկսի շաբաթ, 30 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 7:00-ին` Ռաշայայի հրապարակէն: Վազողները տարբեր շրջաններէ անցնելէ եւ բազմաթիւ քաղաքապետութիւններու մօտէն անցնելէ ետք, պիտի ժամանեն Պաապտայի նախագահական պալատ, ուր կէսօրուան ժամը 12:00-ին պիտի դիմաւորուին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կողմէ:

Ան ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք հրաւիրեց Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէն, որ ուղղէ իր խօսքը:

Սաատէ իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ Անթունիէի կազմակերպած վազքի այս մրցումը եղաւ տարեկան աւանդութիւն մը, որ ի մի կը խմբէ բոլոր լիբանանցիները` անխտիր:

Եզրափակելով ան ըսաւ, որ ֆետերասիոնը իր ամէն կարելին կ՛ընէ, որ վազքի այս մրցումը եւ տարբեր տեսակի մարզական միջոցառումներ յաջողին, բնականաբար քաղաքապետութիւններու եւ մարզական լրագրողներու օժանդակութեամբ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )