Անցնող 10 Տարուան Ընթացքին Իր Տեսակին Մէջ Առաջինը. Քամերոն – Ռուհանի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

«ՌԻԱ-Նովոսթի»` յղում կատարելով Բրիտանիոյ վարչապետի գրասենեակին, կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն, 10 տարուան ընթացքին իր տեսակին մէջ առաջինը ըլլալով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ` քննարկելով դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերականգնումը եւ շրջանի կացութիւնը:

Գրասենեակէն հաղորդած են, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեւած է շուրջ 5 վայրկեան` աւելցնելով, որ կողմեր նկատած են, որ հոլովոյթը յաջող կերպով կը ծաւալի:

Պատմական հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցած է երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները վերականգնելու համաձայնութենէն քանի մը շաբաթ ետք:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )