Ապտելլահեան Իրանեան Դեսպանատան Մէջ Ցաւակցութիւն Ընդունեց Եւ Հաստատեց Դիմադրութեան Ուղեգիծին Իրանի Կառչածութիւնը

Փառէն Ծ. վրդ. Վարդանեան եւ Մասիս Ծ. վրդ. Զոպույեան` իրանեան դեսպանատան այցելութեան պահուն
Օր մը առաջ ահաբեկչական արարքի թիրախ դարձած իրանեան դեսպանատունը երէկ ողողուեցաւ քաղաքական անձնաւորութիւններով, դիւանագէտներով եւ հոգեւորականներով, որոնք եկած էին ցաւակցութիւն յայտնելու զոյգ պայթումներուն զոհերուն համար:
Դեսպանատունը թիրախ դարձուցած զոյգ պայթումներուն թղթածրարին հետեւելու նպատակով Պէյրութ ժամանեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարի միջինարեւելեան եւ ափրիկեան հարցերու օգնական Հիւսէյն Էմիր Ապտելլահեանը, որ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատիի կողքին ցաւակցութիւններ ընդունեց:
Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի դեսպանատուն այցելեցին եւ ցաւակցութիւն յայտնեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններ Փառէն Ծ. վրդ. Վարդանեան եւ Մասիս Ծ. վրդ. Զոպույեան:
Դեսպանատան այցելուներէն եղան հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ, խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի, Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին, Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր, պապական նուիրակ Կապրիել Քաչիա:
Ապտելլահեան դեսպանատունէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ շեշտեց, որ միայն Իսրայէլը կրնայ պայթումի նման քայլի մը դիմել` աւելցնելով, որ իրենք կը սպասեն պայթումներուն մասին բացուած հետաքննութեան արդիւնքները:
Իրանցի պաշտօնատարը ընդգծեց Դիմադրութեան ուղեգիծին Իրանի կառչածութիւնը եւ նման արարքներէ զգուշացուց այն ուժերը, որոնք կը զօրակցին ահաբեկչական խմբաւորումներուն եւ դէպի Սուրիա զէնք ու զինամթերք կ՛ուղարկեն:
Ապտելլահեան ցաւակցութիւն յայտնեց պայթումներուն պատճառած զոհերու ընտանիքներուն:
Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի «Ֆարս» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Պէյրութի իրանեան դեսպանատունը թիրախ դարձուցած պայթումներուն ակնարկելով ըսաւ. «Բոլոր անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ ահաբեկչութեան եւ սպանութիւններու ճամբով կարելի է նպատակներ իրականացնել, չարաչար կը սխալին: Իսկ այս պարագային, անոնք դարձեալ սխալած են»:
Ինթըրփոլի հիմնադրամի նախագահ Էլիաս Մըր դատապարտեց իրանեան դեսպանատունը թիրախ դարձնող պայթումները, այդ գործողութիւնը նկատելով զուտ ահաբեկչական:
Մըր կոչ ուղղեց լիբանանցի բոլոր պատասխանատուներուն եւ ղեկավարներուն` ստանձնելու իրենց պարտականութիւնները եւ դիմադրելու ահաբեկչական-ծայրայեղական ուժերուն, որոնք թիրախ կը դարձնեն լիբանանեան գոյացութիւնը եւ կը փափաքին լիբանանցիներուն միջեւ սադրանքներ սերմանել:
Ան կոչ ուղղեց կազմելու ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, որ կը ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնները` երկիրը վտանգներէ փրկելու նպատակով:
Նշենք նաեւ, որ Սէուտական Արաբիա երէկ խստիւ դատապարտեց Պէյրութի վկայած ահաբեկչական գործողութիւնները` զանոնք նկատելով երկչոտ արարքներ: Ռիատ ցաւակցութիւն յայտնեց Լիբանանի կառավարութեան ու լիբանանցիներուն եւ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:
Իր կարգին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Պիր Հասանի պայթումները եւ ցաւակցութիւն յայտնեց Իրանի, իրանեան դիւանագիտական անձնակազմին, ինչպէս նաեւ պայթումներուն պատճառած զոհերուն ընտանիքներուն:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ այս հանգրուանին Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումը բոլոր ժամանակներէն աւելի կարեւոր է:

