Ըստ «Աքշամ»-ի. Թրքական Իշխանութիւններուն Համար 2014-ը Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Տարի Է

Թրքական «Աքշամ» օրաթերթը ներկայացուցած է 2014-ի համար թրքական իշխանութիւններու` դրացիներուն նկատմամբ ծրագրած քաղաքականութիւնը: Ըստ օրաթերթին, անոնք «զերօ խնդիր դրացիներու հետ» քաղաքականութեան լիակատար ձախողութենէն ետք, որոշած են 2014-ին դարձեալ զայն փորձել:

«Աքշամ»-ի լրագրող Հաքքը Քուրպան իր յօդուածին մէջ ներկայացուցած է 2014-ի համար թրքական իշխանութիւններու հինգ կէտերէ բաղկացած ճամբու քարտէսը, որուն մէջ ներառուած է նաեւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցը:

Կը նշուի, որ 2014-ը թրքական իշխանութիւններուն համար Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման տարի պիտի դառնայ: «Իշխանութիւնները քննարկած են տարբերակ մը, ըստ որուն, հայկական կողմը կը յանձնէ Լեռնային Ղարաբաղի 7 շրջաններէն 2-ը, կարելիութիւն կու տայ, որ Ազրպէյճան կապուի Նախիջեւանի հետ եւ հայ-թրքական սահմանը կը բացուի», կը գրէ թուրք լրագրողը:

Յօդուածին մէջ նաեւ կ՛ըսուի, որ 2014-ին թրքական իշխանութիւններու օրակարգին վրայ պիտի ըլլան Կիպրոսի մէջ հանրաքուէի հարցը, Իրաքի հետ նոր յարաբերութիւններ սկսիլը, Իսրայէլի հետ լարուածութեան մեղմացումը եւ Սուրիոյ մէջ ընտրութիւններու հարցը:

 

Share this Article
CATEGORIES