ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Սարգսեան-Ալիեւ Հանդիպումէն Ետք Յայտարարութիւն Կատարած Է

Լէոնիտ Քոժարա
ԵԱՀԿ-ի կայքէջը կը հաղորդէ, որ Եւրոպայի ապահովութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) գործող նախագահ, Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լէոնիտ Քոժարա Վիեննայի մէջ հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ողջունած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը:
«Վստահ եմ, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բարձր մակարդակի երկխօսութիւնը պիտի օժանդակէ կողմերուն միջեւ փոխադարձ վստահութեան ու փոխըմբռնման ամրապնդման, ինչպէս նաեւ դրական խթան պիտի ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթի յառաջխաղացման համար», ըսած է Քոժարա:
Ան վստահութիւն յայտնած է, որ նման բնոյթի բանակցութիւնները խաղաղութեան ու կայունութեան հիմք կու տան եւ շրջանային համագործակցութեան համար նոր կարելիութիւններ կը ստեղծեն:
Քոժարա նաեւ աւելցուցած է, որ Ուքրանիա պատրաստ է ապագային եւս ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ միասին աջակցելու Հայաստանի ու Ազրպէյճանի ջանքերուն` Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի միջազգային օրէնքի վրայ հիմնուած խաղաղ լուծման հասնելու համար:

