Միացեալ Նահանգներ Կ՛ողջունեն Սարգսեան-Ալիեւ Հանդիպումը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէջին վրայ զետեղուած հաղորդագրութեան մը մէջ կը նշուի, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛ողջունեն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն Վիեննայի մէջ ունեցած հանդիպումը:

«Մենք բարձր կը գնահատենք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն այս քայլը, եւ խորհուրդ կու տանք, որ պետութիւններու ղեկավարները յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին ժամադրուին յաջորդ հանդիպումին համար», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

«Միացեալ Նահանգները` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի հետ կոչ կ՛ուղղեն նախագահներուն աշխուժօրէն աշխատելու խաղաղ լուծման համար այն խնդիրին, որ ծանր բեռ դարձած է բոլոր կողմերուն համար», ըսուած է Ճեն Փսաքիի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES