Ըստ «Զաման»-ի. Տաւութօղլու Հայաստան Հրաւիրուած Է, Ան Հաւանաբար Ընդունի Հրաւէրը
Թրքական «Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու հրաւիրուած է Հայաստան` մասնակցելու համար 12 դեկտեմբերին տեղի ունենալիք Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան ընդհանուր ժողովին:
Թրքական օրաթերթը կը յիշեցնէ, որ նախապէս Տաւութօղլու յայտարարած էր, որ իրենք կ՛աշխատին Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն առնչուող որոշ գաղափարներու շուրջ:
Տաւութօղլուն Հայաստան հրաւիրելու մասին լուրը Tert.am-ի հետ զրոյցին ընթացքին հաստատած է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան` նշելով, որ հրաւէր ղրկուած է Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան բոլոր անդամներուն:
«Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու բոլոր արտաքին գործոց նախարարներուն հրաւէրներ ուղարկուած են` նախարարական հանդիպումին մասնակցելու համար: Ինչպէս նախապէս կատարուած է եւ այս ծիրին մէջ միշտ կը կատարուի», ըսած է Բալայեան:
Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Տաւութօղլու մտադիր է Հայաստան այցելելու, սակայն վերջնական որոշումը կախեալ է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպումէն ետք ստեղծուած կացութենէն: Երեքշաբթի օրուան հանդիպումին ընթացքին Սերժ Սարգսեանն ու Իլհամ Ալիեւը որոշած են շարունակել բանակցութիւնները, եւ ատիկա հաշուի առնելով կ՛ակնկալուի, որ Տաւութօղլու այցելէ Երեւան:
Յիշեցնենք, որ իր վերջին յայտարարութիւններէն մէկուն մէջ Տաւութօղլու նշած էր, որ Թուրքիա պատրաստ է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու վերականգնման, սակայն «Հայաստան պէտք է կատարէ նախապայմանը` Ղարաբաղի վերադարձը սկսելու վերաբերեալ»:

