Թեհրանի Մէջ. ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչին Հանդիպումը Հայ Դատի Բարեկամներու Եւ Համակիրներու Հետ

HrantԹեհրանի մէջ հրատարակուող «Ալիք» թերթի «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ 19 նոյեմբերի երեկոյեան ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան հանդիպում ունեցաւ Հայ դատի բարեկամներու եւ համակիրներու հետ:

Հանդիպման ընթացքին Բիւրոյի ներկայացուցիչը անդրադարձաւ Հայաստանի տնտեսական-քաղաքական իրավիճակին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի պետական յանձնաժողովին հետ միացեալ աշխատանքներուն, անոնց մէջ կուսակցութեան դերին եւ շրջանային հարցերու:

Հրանդ Մարգարեան մանրամասն ներկայացուց Սուրիոյ մէջ տիրող վիճակը եւ ստեղծուած իրավիճակին մէջ ՀՅԴ-ի նախաձեռնութիւնները, որոնք, իբրեւ օժանդակութիւն, կրնան սուրիահայերուն համար որոշակի ապահովութիւն ստեղծել:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )