Հայաստանի Առաջին Տիկինը Վերարտադրողական Բժշկութեան Զարգացման Համար Ազգային Համախմբման Կոչ Կ՛ուղղէ

MXO_0875-300x146Հայաստանի Առաջի տիկին Ռիթա Սարգսեան ազգային համախմբման կոչ ուղղեց` առաջարկելով համայն հայութեան ջանքերը կեդրոնացնել եւ աջակցութիւն ցուցաբերել այն ընտանիքներուն ,որոնք վերարտադրողական բժշկութեան կարիքը կը զգան: «Կը յորդորեմ աշխարհասփիւռ հայութեան բոլոր ներկայացուցիչներուն եւ բարի կամքի բոլոր մարդոց միաւորել իրենց ջանքերը, որպէսզի կարելի ըլլայ երեխայ ունենալու բախտ պարգեւել հարցեր դիմագրաւող հայ ընտանիքներուն: Հայոց ցեղասպանուեթան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ մենք պէտք է վճռակամ կրկնենք Պարոյր Սեւակի խօսքերը` «Կա՛նք, պիտի լինենք ու դեռ շատանա՛նք»: Մենք ատիկա պիտի ընենք ոչ միայն խօսքով, այլեւ յստակ գործով»:

«Հայաստանի մէջ կան բազմաթիւ ընտանիքներ, որոնք ստիպուած են մտածել, թէ երեխայի ծնունդը իրենց համար լոկ անհասանելի երազանք է: Անպտղութիւնը այսպիսով կը մթագնէ հայկական բազմաթիւ օճախներու ընտանեկան երջանկութիւնը: Բազմաթիւ պարագաներու ատիկա նոյնիսկ կրնայ պատճառ դառնալ այդ հարցը ունեցող ընտանիքներու քայքայման: Սակայն ժամանակակից բժշկական գիտութեան ձեռքբերումները թոյլ կու տան օգնել այսպիսի ընտանիքներուն եւ երեխայ ունենալու բախտ պարգեւել անոնց:

«Այս առումով շատ ուրախալի են Հայաստանի մէջ վերարտադրողական բժշկութեան զարգացման յաջողութիւնները: Այժմ Հայաստանի մէջ առկայ են բոլոր կարելիութիւնները, որպէսզի անհրաժեշտ բժշկական օգնութիւն տրամադրուի այն ընտանիքներուն, որոնք անպտղութեան հարց ունին:

«Այսպիսի որակեալ բժշկական օգնութիւնը Հայաստանի մէջ շատ աւելի մատչելի է, քան արտասահմանի մէջ: Սակայն, այդ ընտանիքներէն շատերուն համար այդպիսի ծառայութիւնները տնտեսապէս հասանելի չեն:

«Արագիլ» հիմնադրամին շուրջ համախմբուած բոլոր հայորդիները համոզուած են, որ կարելի չէ այսպիսի ընտանիքներ առանձին ձգել դժուարութեան մէջ:

«Ասիկա այն հարցն է, որուն շուրջ ազգային համախմբում անհրաժեշտ է: Ինչպէս կաթիլ մը ջուրի մէջ ովկիանոսը կ՛արտացոլայ, այնպէս ալ իւրաքանչիւր հայ ընտանիքի մէջ ամբողջ մեր ազգը կ՛արտացոլայ: Մենք պէտք է օժանդակութիւն ցուցաբերենք որեւէ զոյգի, որ ծնողք դառնալու ցանկութիւն ունի», համոզում յայտներ Հայաստանի Արաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES