Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Թեթեւ անհանգստութիւնները, հարբուխը եւ նման հարցեր մի՛ անտեսէք, հարկ եղած բուժումը կատարեցէք բժիշկին թելադրանքով:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Դրամատնային հարց մը կարգադրելու համար պիտի ներկայանաք դրամատան պատասխանատուին, որ ձեզի պիտի փոխանցէ գալիք օրերու ձեր նիւթական պարտաւորութիւնները:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Պատասխանեցէք ձեզի ուղղուած նամակներուն: Ձեր պաշտօնական թուղթերուն հոգ տարէք, որպէսզի օրը օրին կարենաք ձեր պարտաւորութիւնները կատարել: Յապաղումը բարդութիւն կը ստեղծէ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Օդի փոփոխութեան պարագային զգուշ պէտք է ըլլաք: Կլիմային հետ կարելի չէ քմայքով վարուիլ: Ձեր զգեստները յարմարցուցէք ցուրտին:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ուշադիր եղէք ձեր ուտելիքներուն: Ինչ որ կը մշակուի ու կ՛աճի ձեր ապրած երկրին մէջ, բանջարեղէն թէ ապուր, այդ կերէք: Արտասովոր արտադրութիւններէն հեռու մնացէք: Յարգեցէք աւանդական ճաշերը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Մի՛ միջամտէք վէճի մը` երկու ընկերներու միջեւ ծագած: Եթէ կարծիք տաք, կրնայ մէկ կամ միւս կողմին հաճելի չթուիլ: Չէզոք մնացէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Դատական հարց մը կրնայ լուծուիլ ի նպաստ ձեզի: Պատրաստ եղէք` ձեզի համար որոշուած խորհրդանշական գումարը վճարելու: Պիտի ուրախանաք այս արդար վճիռին համար:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր ստանձնած պարտականութիւնը պիտի կատարէք առանց դժկամութեան: Պիտի գնահատուիք նիւթապէս եւ բարոյապէս: Օրը շահաւէտ է: Մնացէք լաւատես:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Սիրոյ առնչուած հանդիպում մը պիտի ունենաք: Ձեր անկեղծութիւնը կրնայ խնդրոյ առարկայ դառնալ: Սէրը կատակ չ՛ընդունիր: Արտայայտուեցէք անկեղծ զգացումներով:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Նոր եկամուտ մը պիտի ունենաք անակնկալ կարգադրութեամբ: Մի՛ մոռնաք ձեր ունեցածէն բաժին մը տրամադրելու չունեւոր անձի մը: Օրը բարի է:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր գիտելիքներուն պիտի դիմէ երիտասարդ մը, որ դժուարութեան մատնուած է ուսումնական ծրագիր մը աւարտելու: Ան երախտագէտ պիտի մնայ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Հիւանդ բարեկամի մը այցելութեան պիտի երթաք: Ան հոգեկան գոհունակութիւն պիտի ունենայ ի տես հարազատի ձեր զգացումներուն: Ձեր մարդասիրական վերաբերումը պիտի գնահատուի ձեր շրջանակին մէջ: