50 Տարի Առաջ (22 Նոյեմբեր 1963)

Խմբագրական

Քսան Տարի Ետք

(Անկախութեան Տարեդարձին Առթիւ)

Լիբանան, պետութիւն ու ժողովուրդ, վաղը` ուրբաթ, 22 նոյեմբերի արժանավայել շուքով եւ արտակարգ խանդավառութեամբ պիտի տօնէ անկախութեան քսաներորդ տարեդարձը, արդար հպարտութեամբը երկրի մը, որ գիտցաւ անցնող երկու տասնամեակներու ընթացքին գործնապէս արդարացնել եւ արժեւորել իր անկախութիւնը` հանրային կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ արձանագրելով զգալի նուաճումներ:

Լիբանան` խաղաղութեան եւ համերաշխութեան ովասիս մը եռեւեփող աշխարհի մը մէջ, այսօր մեզի կը ներկայանայ դիմագծովը բարոյական մեծութեան մը, որուն նմանները մատի վրայ կը համրուին աշխարհի ազգերու մեծ ընտանիքին մէջ:

Արեւմտեան եւ արեւելեան քաղաքակրթութիւններու քառուղիին վրայ Լիբանան կը հանդիսանայ աշխարհի այն բացառիկ երկիրներէն մէկը, ուր ապրիլը վայելք է տակաւին եւ մարդկային մտածողութիւնն ու արտայայտութիւնը ազատ ասպարէզ գտած են աւելի քան երբեք:

Խճանկար մը` զանազան համայնքներու եւ ընկերային զանազան խաւերու, այս երկիրը, որ իրաւամբ կը կոչուի Արեւելքի Զուիցերիան, եթէ կրցաւ քսան տարուան համեմատաբար կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին հասնիլ այնպիսի նախանձելի մակարդակի մը, ատիկա կը պարտի նախ` իր հեռատես ղեկավարներուն իմաստուն քաղաքականութեան, ու ապա` իր ժողովուրդի ձեռներէցութեան, հանրային ըմբռնումին եւ քաղաքացիական պարտականութիւններու հանդէպ ունեցած հետզհետէ աճող հետաքրքրութեան եւ բծախնդրութեան:

Մասնաւորաբար վերջին տարիներուն Ն. Վ. հանրապետութեան նախագահ զօրավար Ֆուատ Շեհապի պաշտօնավարութեան արդիւնաւէտ շրջանին այս փոքր երկիրը բոլորեց բեղուն գործունէութեան շրջան մը, որ յատկանշուեցաւ զանազան մարզերու մէջ իրագործուած նուաճումներով: Ու ինչ որ ամէնէն կարեւորն է, արմատացաւ ազգային միութեան անհրաժեշտութեան գաղափարը լիբանանեան բոլոր զանգուածներուն մօտ, որոնք նոյն այդ միութիւնը կը նկատեն Լիբանանի գոյութեան հիմնաքարը, անոր անկախութեան եւ գերիշխանութեան ապահով գրաւականը:

Տարիները որքան անցան, այնքան աւելի շեշտուեցաւ այս գաղափարը, ու այսօր չկայ լիբանանցի մը, որ խորապէս կապուած չըլլայ այս երկրի անկախութեան եւ անոր մէջ չտեսնէ իր հիմնական նպատակը, հաւաքական թէ անհատական կեանքի:

Անկախութեան տարեդարձին առիթով իւրաքանչիւր լիբանանցիի միտքը կ՛երթայ հեռու, քսան տարի ետ, երբ այս երկրին ղեկավարները, խիզախ կեցուածք մը ունենալով հոգատար իշխանութեան դէմ, շնորհիւ իրենց անդրդուելի կամքին ու նաեւ լիբանանցի ժողովուրդի միահամուռ կեցուածքին, կրցան տիրանալ լիբանանեան բազմաթիւ սերունդներու երազը եղող ազգային անկախութեան:

Այսօր, անոնց քաղաքական վաստակն է, որ գուրգուրանքով կը պահուի բոլոր լիբանանցիներուն կողմէ, որոնք իրենց Ազգային ուխտով գօտեպնդուած` եղբայրօրէն կը գործակցին նուաճելու համար նոր բարձունքներ:

Իբրեւ մէկ անդամը լիբանանեան ընտանիքին` այս գեղեցիկ երկրի հայութիւնը այլ համայնքներու իր եղբայրներուն հետ կ՛ողջունէ Լիբանանի անկախութեան 20-րդ տարեդարձը` այդ անկախութեան կերտումին իր նպաստը բերած ըլլալու արդար գոհունակութեամբ:

Գիտակից անկախութեան եւ ազատութեան բարիքներուն, դարերով պայքարած այդ երկու նուիրականութիւններուն համար, Լիբանանի հայութիւնը եղբայրօրէն կը մասնակցի այս ասպնջական երկրի զաւակներուն ուրախութեան` բաժնելով անոնց հպարտութիւնն ու ցնծութիւնը:

Հայութիւնը, որ իբրեւ համայնք` Լիբանանի հետ զուգընթաց ծաղկած ու բարգաւաճած է, անոր միւս համայնքներուն հետ ձեռք ձեռքի տուած, պիտի շարունակէ այսուհետեւ եւս  իր լայն բաժինը բերել այս գեղեցիկ երկրի վայելքին ու բարգաւաճման:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )