Ճատրակ. Քարլսըն – Անանտ` 5-3

anandԵրէկ, ճատրակի աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին համար իրարու դէմ պայքարող նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսըն եւ գործող ախոյեան հնդիկ Վիշվանաթան Անանտ կատարեցին 8-րդ հանգրուանի մրցումը:

Քարլսըն, որ առաջին չորս հանգրուանի մրցումներուն հաւասարութիւններ արձանագրելէ ետք 5-րդ եւ 6-րդ հանգրուաններուն յաղթանակ արձանագրած էր, 7-րդին նման այս անգամ եւս հաւասարութիւն մը արձանագրեց` 34-րդ շարժումին:

Բնականաբար, այս հաւասարութիւնը եղաւ ի նպաստ Քարլսընի, որ այժմ 5-3 արդիւնքով կը գերազանցէ իր հնդիկ մրցակիցը:

Նշենք, որ այսօր հանգիստի օր է:

Անոնց միջեւ ցարդ մնացած է 4 հանգրուան, անշուշտ եթէ այդ միջոցին լրացուցիչ խաղերու անհրաժեշտութիւնը չյառաջանայ:

Սակայն, ըստ երեւոյթին, դատելով դիմակալութեան ընդհանուր տրամաբանութենէն, աշխարհի ամէնէն բարձր վարկանիշը ունեցող կրանտ մասթըր Քարլսընի աշխարհի նոր ախոյեան հռչակուելուն կարելիութիւնը աւելի իրատեսական է, կ՛եզրափակէ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը:

 

Share this Article
CATEGORIES