Մեսսի Երրորդ Անգամ Ըլլալով Արժանացաւ «Ոսկիէ Կօշիկ»-ին
Պարսելոնայի եւ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի, որ նախորդ տարեշրջանին եւրոպական ախոյեանութիւններուն լաւագոյն կոլսքորըրը հանդիսացաւ (46 կոլ), երէկ ստացաւ «ոսկիէ կօշիկ»-ի մրցանակը:
Մեսսի, որ երրորդ անգամ ըլլալով կ՛արժանանայ այս պատիւին, հերթական պարգեւը նուիրեց իր ընտանիքին եւ խաղընկերներուն:
«Առանց ընտանիքիս եւ խմբակիցներուս չէի կրնար արժանանալ այս պարգեւին: Շնորհակալութիւն անոնց: Ասիկա մեր բոլորին մրցանակն է: Ինչ կը վերաբերի իմ ստացած վնասուածքիս, կու գամ ըսելու, որ ես ինծի աւելի լաւ կը զգամ: Իմ նպատակս է ֆութպոլի դաշտ դուրս գալ եւ ոչ մէկ առիթով չբացակայիլ տեղի ունենալիք մրցումներէն», ըսաւ Մեսսի:
CATEGORIES Մարզական

