Խոհանոցին Ետին. Շողգամի Թթուաշ` Ձմեռնային Պաղառութեան Դէմ
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՃԱՓՈՆՑԻ ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐ ԱՅՍ ԲԱՆՋԱՐԵՂԷՆԻՆ ՄԷՋ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐԱԾ ԵՆ ՑՊԿԱՅԻՆ ՄԱՐՄԻՆ ՄԸ (ՊԱՔԹԻՐԻԱ), ՈՐ ԿԸ ԶՕՐԱՑՆԷ ՄԱՐՄՆԻՆ ԴԻՄԱԴՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ` ԿՐԻՓԻ ԺԱՀՐԻՆ ԴԷՄ: «ԵԱՀՈՒ» ԿԸ ԳՐԷ.
Պաղառութեան դէմ պայքարող ցպկային մարմինը յայտնաբերուած է ճափոնական համադամ սուկուքիին մէջ, որ յայտնապէս պիտի դառնայ ամէն տեղ փնտռուած ուտելիք մը:
Շողգամի թթուաշը Ճափոնի մէջ ծանօթ է սուկուքի անունով: Անիկա կը պարունակէ ցպկային լաքթոպաքիլուս պրեւիս մարմինը:
Գիտնականներ ի յայտ բերած են, թէ ցպկային այս մարմինը զօրացուցած է պաղառութենէ տառապող մուկերուն մարմնին դիմադրականութիւնը` աւելցնելով դիմադրականութեան նպաստող մոլեքիւլներուն արտադրութիւնը, ներառեալ` այն մոլեքիւլները, որոնք յատկապէս կը պայքարին պաղառութեան ժահրին դէմ:
Ցպկային այս մարմնին ներգործութիւնը այնքա՛ն զօրաւոր է, որ անիկա մուկերուն մարմինը ձերբազատած է նաեւ խիստ վարակիչ խոզի կրիփի ժահրէն:
Ուսումնասիրողները այնքա՛ն խանդավառ են արդիւնքէն, որ սկսած են փորձարկութիւններ կատարել նաեւ մարդկային մարմնին վրայ:
Ուսումնասիրութեան մասնակցող անձերը ցպկային այս մարմինը կը ստանան շողգամի ջուրով պատրաստուած հեղուկ մը խմելով:
Ուսումնասիրութիւնը հրատարակուած է «Լեթըրզ ա Ըփլայտ Մայքրոպիոլոճի» գիտական թերթին մէջ: Հեղինակը` Նաոքօ Ուաքի քաջալերուած է սկզբնական արդիւնքներով:

«Պաղառութեան ժահրով վարակուելէ 14 օր առաջ կանոնաւոր կերպով ցպկային այս մարմինը պարունակող հեղուկ մը խմելը կը նպաստէ ժահրին պատճառով ծանրութեան կորուստի եւ այլ անհանգստութիւններու յաղթահարումին», կը գրէ ան:
Բրիտանացիք ողջունած են յայտնաբերումը, որ կատարուած է «ճիշդ ժամանակին»: Մասնագէտներու համաձայն, Բրիտանիա այս ձմեռ պիտի դիմագրաւէ կրիփի ծանր համաճարակներ: Կը նախատեսուի, որ աւելի քան 10.5 միլիոն բրիտանացիներ կրիփի ժահրով պիտի վարակուին յառաջիկայ ամիսներուն:


