Խոհանոցին Ետին. Ուտելիքի Նոր Տեսակի Գիտութիւն Մը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՉՆԵՐՈՒ «ԱՅ. ՊԻ. ԷՄ.» ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ Կ՛ՕԳՏԱԳՈՐԾԷ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀՍԿԱՅԱԿԱՆ ՇՏԵՄԱՐԱՆՆԵՐ` ՆՈՐ ԽՈՀԱԳԻՐՆԵՐ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ: «ՈՒԱՅՐՏ» ԿԸ ԳՐԷ ՓՈՐՁԱՌԱԿԱՆ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ ՀԻՄՆՈՒԱԾ ՀԱՄԱԿԱՐԳՉԱՅԻՆ ԽՈՀԱՆՈՑԻ ՄԸ ԲԱՐԴ ԵՒ ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ…
Համակարգիչները տեւաբար աւելի խելացի կը դառնան: Սակայն արդեօք անոնք նաեւ կրնա՞ն ստեղծագործել: Իրօք, անոնք ստեղծած են ծրագիր մը, որ ուսողութեան, քիմիագիտութեան եւ տեղեկութիւններու հսկայական աղբիւրներով կը ստեղծէ նոր եւ արտասովոր խոհագիրներ:
Համակարգիչներուն հանրահաշիւի (ալկորիթմ) համակարգը կառուցելու համար ուսումնասիրողներ որդեգրած են այն քայլերը, զորս կը կիրարկենք, երբ գաղափարներ կը ստեղծագործենք եւ կը զարգացնենք:
Այսպէս, նախ պէտք է հասկնանք այն հարցը, որ կը փորձենք լուծել: Ապա պէտք է փորձառու դառնանք` տեղեկութիւններ հաւաքելով տուեալ հարցին վերաբերեալ: Նման գիտելիքներով զինուած` կը սկսինք արտադրել նոր գաղափարներ եւ նոյնիսկ կը միացնենք տարբեր տեսակի գաղափարներ: Այնուհետեւ կ՛ընտրենք ամէնէն ստեղծագործ գաղափարները եւ ի վերջոյ կը կիրարկենք զանոնք: Թէեւ համակարգիչները նախապէս հետեւած են նման քայլերու, սակայն «Այ. Պի. Էմ.»-ի նորութիւնը այն է, որ ի գործ կը դնէ քանակական գնահատումի միջոց մը` խոհագիր մը մէջտեղ բերելու եւ անոր բաղադրիչ տարբեր տարրերը մէկտեղելու համար:
«Յաճախ կը ճաշակեմ «Այ. Պի. Էմ.»-ի համակարգով պատրաստուած ուտելիքներ,- կ՛ըսէ Լաւ Վարշնի, որ կը ղեկավարէ խոհագիրներ արտադրող այս նոր գործիքը ստեղծած «Այ. Պի. Էմ.»ի արհեստագէտներու խումբը:- Կարգ մը խոհագիրներ, զորս մենք ստեղծած ենք, ինչպէս` Պրիւքսելի կաղամբով քենիական կրաթեն, քայմանեան պանանով անուշեղէն եւ զուիցերիական-թայլենտեան ծնեբեկով խմորեղէն, շատ համեղ են: Իսկ այլ խոհագիրներ, զորս կատարելագործած ենք Խոհանոցային կրթութեան հիմնարկին հետ գործակցաբար, ինչպէս` սպանական նուշով քրուասաններ եւ էքուատորեան ելակով անուշեղէն, պարզապէս առաջնակարգ են»:
Ուրեմն տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կը ստեղծագործէ «Այ. Պի. Էմ.»-ի համակարգչային խոհարարը:

«Այ. Պի. Էմ.»-ի համակարգչային խոհարարին ստեղծած Էքուատորեան ելակով անուշեղէնը:
1) Սահմանել Խոհագիրը
Երբ ծրագիրը կը բացուի համակարգիչի պաստառին վրայ, մեզմէ կը պահանջէ ընտրել խոհագիրի մը բաղկացուցիչ հիմնական տարրը, ինչպէս նաեւ` կարգ մը մշակոյթներու յատուկ խոհանոցներ եւ որոշել, թէ ի՛նչ տեսակի ճաշ մը պիտի փափաքէինք պատրաստել (ապուր, խմորեղէն եւ այլն): Այլ խօսքով` սահմանել խոհագիրը:
2) Հաւաքել Առաւելագոյն Տեղեկութիւն
Այստեղ կը սկսի տեղեկութիւններու դերը: Ուսումնասիրողները օգտագործած են լեզուական բնական գործընթացներու յատուկ հանրահաշիւներ` միլիոնաւոր խոհագիրներ աչքէ անցընելու եւ անոնց պարունակութիւնը վերլուծելու համար: Այս տեղեկութիւնները օգտագործելով` անոնք համակարգիչին մէջ զետեղուած խոհագիրի մը պարունակութիւնը վերածած են տարբեր կապերու ցանցի մը, որ կ՛ընդգրկէ խոհագիրի մը տարբեր բաղադրիչներուն քանակը, ինչպէս նաեւ` զանոնք ուտելիքի վերածելու գործընթացները: Ուսումնասիրողները նաեւ պեղած են համակարգչային հանրագիտարանին` Ուիքիփիտիայի բովանդակութիւնը` գիտնալու համար, թէ ո՛ր բաղադրիչ տարրերը սովորաբար կը գործածուին տարբեր մշակոյթներու խոհանոցներուն մէջ: Անոնք նաեւ քննած են համեմներու վերաբերող գիրքեր` գիտնալու համար, թէ ո՛ր համեմներուն մոլեքիւլները ներկայ են տարբեր ուտելիքներու բաղադրիչ տարրերուն մէջ, ինչպէս նաեւ ներառած են տեղեկութիւններ` այս մոլեքիւլներուն քիմիական կառոյցին վերաբերեալ: Ապա անոնք հաւաքած են տեղեկութիւններ, որոնք ցոյց կու տան, թէ մարդիկ ի՛նչ համեմատութեամբ «հաճելի» կ՛որակեն քիմիական 70 տարբեր համադրումներ:
Ի վերջոյ ուսումնասիրողները համակարգիչին մէջ դիզած են գիտելիքներու հսկայական եւ ընթեռնելի պաշար մը` համերու նախընտրութիւններու, տարբեր մշակոյթներու խոհագիրներու եւ անոնց քիմիական բաղադրութեան վերաբերեալ:
Այսպէս, համակարգչային ծրագիրը պատրաստ է նոր ճաշ մը եփելու:
3) Գաղափարներ Յղանալ
Համակարգչային ծրագիրը որոշ մշակոյթի խոհանոցի մը աւանդական խոհագիրներէն մեկնելով կը սկսի յղանալ նոր խոհագիրներու միլիոնաւոր գաղափարներ, որոնք կը համապատասխանեն համակարգիչը գործածող անձին նախասիրութիւններուն: Համակարգիչը պարզապէս պատահական ձեւով չ՛արտադրեր այս խոհագիրները, այլ արտադրուած խոհագիրները կը յարգեն փորձառական գիտութեան օրէնք մը, որ ծանօթ է իբրեւ «ուտելիքներ զուգորդելու սկզբունք»: Այս սկզբունքին համաձայն, խոհագիրի մը մէջ իրարու հետ լաւ զուգորդուող բաղադրիչ տարրեր ունին համերու հասարակաց մոլեքիւլներ:
Համակարգչային ծրագիրը նոր խոհագիրներ կ՛արտադրէ` «փոխակերպութեան» ենթարկելով արդէն գոյութիւն ունեցող խոհագիրներու բաղադրիչ տարրերը, ապա զանոնք ընդելուզելով նոր եւ այլազան պարունակներու մէջ, որոնց արդիւնքը խառնածին նոր տարբերակներ են: Այս գործընթացը յար եւ նման է ծինական փոփոխութեան գործընթացին:
Անշուշտ կարելի չէ գտնել բարեկամներ, որոնք պատրաստ ըլլան փորձելու միլիոնաւոր նոր եւ տարօրինակ խոհագիրներ: Ո՞վ պիտի փափաքէր ճաշակել պտուղի համերով շաքարի տապկուած կտորներ: Հետեւաբար խոհագիրներ յղացող համակարգչային ծրագիրը մեքենական ձեւով կը կատարէ այս գործընթացը: Եւ ա՛յս է անոր վարպետութիւնը:
4) Ընտրել Լաւագոյն Գաղափարները
Վարշնի կ՛ըսէ. «Ցարդ համակարգչային ստեղծագործութեան բազմաթիւ փորձեր արդիւնք տուած են միայն ստեղծագործութեան արտադրողական գործընթացին մէջ, սակայն ոչ` ընտրութիւններ կատարելու: Կ՛ենթադրեմ, թէ մեր գլխաւոր ներդրումը այն է, որ յաջողած ենք ցոյց տալ, թէ ինչպէ՛ս տեղեկութիւններու հսկայական պաշարի մը վրայ հիմնուած օրինակներ կրնան ծառայել ոչ միայն միլիառաւոր գաղափարներ ստեղծելու, այլ նաեւ` մատնացոյց ընելու լաւագոյն 10 գաղափարները»:
Հետեւաբար համակարգիչը ինչպէ՛ս կ՛որոշէ, թէ ո՛ր գաղափարները ամէնէն աւելի ստեղծագործական են: Նախ պէտք է համակարգիչի գործելակերպին համապատասխան սահմանել «ստեղծագործականութիւն» եզրը: Փիլիսոփայ Քեն Ռոպինսըն ստեղծագործականութիւնը կը սահմանէ իբրեւ «արժէք ներկայացնող իւրայատուկ գաղափարներ յղանալու գործընթացը»: «Այ. Պի. Էմ.»-ի ուսումնասիրողները որդեգրած են նմանօրինակ մօտեցում մը: Անոնց համաձայն, ստեղծագործական գաղափար մը պէտք է ըլլայ նոր եւ բարձրորակ:
Իսկ խոհագիրներու համակարգչային արտադրութեան մէջ ի՞նչ կը նշանակէ «նոր»: Հաւանաբար համաձայն ենք, թէ փինաթ պաթըրը եւ դոնդողը (ճելի) կարելի է միատեղ ճաշակել: Հաւանաբար նաեւ արգելք չենք տեսներ հոթ տոկը մանանեխի խիւսով ճաշակելու մէջ: Պատճառը այն է, որ որոշ համոզումներ ունինք որոշ խոհագիրներու հաւանական բնոյթին վերաբերեալ: Այս համոզումները հիմնուած են մեր այն գաղափարներուն վրայ, թէ ի՛նչ բան համով է, սակայն նաեւ մեծապէս ենթակայ են սովորաբար մեր ճաշակած ուտելիքներուն ներգործութեան:
Միւս կողմէ` երբեք չենք մտածեր հոթ տոկը փինաթ պաթըրով ճաշակելու մասին: Այս տեսակի խոհագիր մը կը բախի ճաշի մեր պատկերացումներուն հետ, հետեւաբար զարմանք կը պատճառէ: Ի տարբերութիւն` մանանեխի խիւսով պատուած հոթ տոկ մը ճաշակելու գաղափարը ոչ մէկ ներգործութիւն կ՛ունենայ խոհագիրներու մասին մեր պատկերացումներուն վրայ եւ ամբողջութեամբ սովորական եւ նոյնիսկ ձանձրացուցիչ կը թուի:
«Այ. Պի. Էմ.»-ի արհեստագէտները օգտագործած են նմանօրինակ գաղափար մը. անոնք խոհագիրի մը նորութեան տարողութիւնը չափած են` ճշդելով, թէ անիկա ի՛նչ համեմատութեամբ փոփոխութեան կ՛ենթարկէ անձի մը կազմած խոհագիրներու պատկերացումը: Անոնք այս մէկը իրականացուցած են` օգտագործելով ուսողութեան մէջ կիրարկուող միջոց մը, որ հիմնուած է անակնկալի վրայ: Նախապէս այս միջոցը օգտագործուած է որոշելու համար, թէ մարդոց ուշադրութիւնը առաւելաբար տեսերեզի մը ո՛ր մասերուն վրայ կը կեդրոնանայ: Վարշնի հետեւեալ ձեւով կը բացատրէ գաղափարը. «Անակնկալի վրայ հիմնուած այս միջոցը հիմնականին մէջ բաղդատութիւն մը կը կատարէ ուտելիքի վերաբերող մեր պատկերացումներուն եւ նոր ստեղծուած խոհագիրէ մը բխած մեր նոր պատկերացումներուն միջեւ: Որքան աւելի մեծ ըլլայ այս պատկերացումներուն փոփոխութիւնը, նոյնքան աւելի մեծ կ՛ըլլայ անոնց առթած անակնկալի զգացումը»:

Համակարգիչով արտադրուած սպանական նուշով քրուասաններ:
Իսկ ինչ կը վերաբերի որակին, համը բարդ զգացումն մըն է: Մեր լեզուն կը զգայ տարբեր համեր` քաղցր, աղի, թթու եւ լեղի` հաճելի համերուն կողքին: Սակայն ուտելիք ճաշակելու մեր փորձառութիւնը շատ աւելի բազմազան է. անիկա կախեալ է ուտելիքին տաք, սերոտ, փափուկ, կարծր, լպրծուն յատկութիւններէն, զորս կը զգանք մեր լեզուին վրայ, երբ կը խածնենք պատառ մը: Անիկա կախեալ է մեր անօթութեան չափէն, համերու հետ առնչուած մեր յիշողութիւններէն եւ այլն:
Ուսումնասիրողներ կը վիճին, թէ հակառակ այս բոլորին` համին բանալին բոյրն է: «Ջղախոհանոցային գիտութեան մէջ ուսումնասիրութիւններ բաւական ամուր թեզերով կը պաշտպանեն այն տեսութիւնը, թէ բոյրը կեդրոնական տեղ կը գրաւէ համերու մեր պատկերացումին մէջ», կ՛ըսէ Վարշնի: Եթէ կը մտածէք, թէ ասիկա դէմ է ընդունուած տեսութեան, ապա յիշեցէք, թէ ուտելիքը որքա՛ն անհամ կը թուի, երբ կը տառապինք պաղառութենէ, որովհետեւ թէեւ համի մեր զգացողութիւնը կը գործէ, սակայն հոտառութիւնը կորսուած է:
Սակայն համակարգչային ծրագիր մը ինչպէ՞ս գիտէ ճաշի մը համը: Ամբողջը քիմիագիտութեան հարց է: Համակարգչային ծրագիրը կը զննէ խոհագիրի մը բաղկացուցիչ տարրերուն տարբեր մոլեքիւլները եւ կը փնտռէ անոնց քիմիական յատկանիշները. արհեստագիտական բառապաշարով` անիկա կը հաշուէ եւ կը քննէ «մոլեքիւլներուն մակերեսային տարածքը, ծանր հիւլէներուն թիւը, բարդ կազմուածքը, ջրածինի կապերը, եւ այլն»: Քիմիական այս յատկութիւնները բաղդատելով բոյրի 70 մոլեքիւլներու հետ, ուսումնասիրողները կրնան նախատեսել, թէ յատուկ մոլեքիւլ մը որքա՛ն «հաճելի» կրնայ բուրել: Հետեւաբա