Պուրժի Տաճարին Մէջ
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ

Յարութիւն Թորոսեան եւ Սամուէլ Նազարեան
«Սարգիս ծառայ Աստուծոյ…»
Ֆրանսայի հին գաւառներէն 18-րդն է Պերրին: Շերի նահանգը մաս կը կազմէ անոր, իսկ Պուրժ քաղաքը մայրաքաղաքն է Շերի, որ դարձած է 12-րդ դարուն Շարլ 7-րդ թագաւորին նստավայրը:
Պուրժ զինուորական ճարտարուեստի կեդրոն է, նաեւ մշակութային քաղաք մը` իր հինգ թանգարաններով.
1 – Ֆրանսայի գեղեցկագոյն Սենթ Էթիէն տաճարին մէջ, կառուցուած 1195-1324, ամէն գարնան տեղի կ՛ունենան դասական երաժշտութեան տօնահանդէսներ: Ընթացիկ մայիս ամսուան 19-ին Մոցարթի գլուխ գործոցը` «Ռեքվիէմ»-ը մեկնաբանուեցաւ 150 երաժիշտներու եւ երգիչներու կողմէ:
2 – Շարլ 7-րդ թագաւորի ֆինանսական մատակարար Ժաք Քէօրի պալատը, որ ճարտարապետական գոհար մըն է:
3 – Պերրիի գաւառի ազգագրական թանգարանը:
4 – Վերացապաշտ նկարիչ Մորիս Էսթեւի թանգարանը: Էսթեւ ծնած է 1904-ին ու մահացած 2001-ին:
5 – Զարդարուեստի թանգարանը:

ՙ«Դուքսը Պերիի կեանքի հարուստ պահերը» շարքէն
Մանրանկար` Լիմպերկ եղբայրներու

Պուրժի Սենթ Էթիէն տաճարի ճակատը

Պուրժի Սենթ Էթիէն տաճարը` նկար, առնուած ձախ կողմէն

Ժորժ Սանտ, բուն անունով` Օրոր Տիւբէն, պարոն Տիւ տէ Վան Պերիի գաւառի մասին լաւագոյն գրութիւններու 1804-1878 գրագիտուհին
Պատմականօրէն եւս կան տուեալներ` Պուրժ քաղաքին հետ կապուած. հոն ապրած է Ժան տը Ֆրանս` Պերրիի դուքսը (1340-1416): Ան հոգացած է Սենթ Էթիէն տաճարի երփնապակիներուն ծախսերը, որոնք գեղեցկագոյններն են Ֆրանսայի տաճարներուն մէջ:
Նշանաւոր գրագիտուհի Ժորժ Սանտ հեղինակած է Պերրի գաւառի մասին գրութիւններ եւ կը նկատուի պերրիցի սիրուած գրագիտուհի: Ծնած է 1804-ին եւ մահացած` 1878-ին: Եղած է սիրուհին բանաստեղծ Ալֆրետ տը Միւսէի եւ Ֆրետերիք Շոփենի: Հեղինակն է հետեւեալ գիրքերուն. «Ինտիանա»` 1832-ին, «Լելիա» 1833-ին, «Քոնսիւելօ»` 1842-43-ին, «Սատանայի մուրը»` 1846-ին, «Ֆրանսուա Շափին»` 1854-1855, «Պզտիկ Ֆատեթը»` 1854-1855-ին, որ իր կեանքին պատմութիւնն է:
***

Վերապաշտ նկարիչ` Մորիս Էսթեւ (ֆրանսացի) 1904-2001

Ֆիլիփ Տորմոյ Հեղինակը` «Conte à rebours»-ի հետեւողութեամբ
Ընթացիկ տարուան մայիսի սկիզբը Պուրժ գտնուեցայ երեք օրուան համար, ուր որդիս` Ստեփանը, բնակութիւն հաստատած է իր կնոջ եւ տղուն հետ: Ստեփան կ՛ուզէր կարծիքս իմանալ իր վերջին գործերուն մասին. նկարազարդած էր երկու կարեւոր գիրքեր եւ ունէր բազմաթիւ նոր իւղանկարներ: Առաջին գիրքին հեղինակն է Փոլ Փոլանսկին, երկրորդինը` Ֆիլիփ Տորմոյը, որ Շէյքսփիրի «Լիր Արքայի» հետեւողութեամբ գրած է ընկերային խորքով գիրք մը, իտալերէնով: Ֆիլիփ Հռոմի մէջ տուած է ասմունքի ցերեկոյթ մը` «Վալէ» թատրոնին մէջ, իտալացի դերասաններու ընկերակցութեամբ, 1500 հոգիի ներկայութեան: Ստեփան մեկնած է հեղինակին հետ Հռոմ եւ թատրոնի մուտքին ցուցադրած է իր գծագրութիւնները:
Պուրժ հասնելուս երկրորդ օրը Ստեփան ըսաւ. «Քեզի պիտի ծանօթացնեմ հայաստանցի հայու մը, որ Ֆրանսա եկած է բուժուելու համար: Արհեստով ձուլագործ է եւ աւարտած` Երեւանի Գեղարուեստա-թատերական հիմնարկին նկարչական բաժինը: Սքանչելի անձ մըն է»: Հեռաձայնով ժամադրուեցաւ հետը քաղաքին մէջ, սրճարան մը: Կէս ժամ ետք ծանօթացանք իրարու եւ սուրճ մը խմեցինք Պուրժի տաճարին մօտիկ:
Սամուէլ Նազարեան 60-ի մօտ, խոնարհ տեսքով եւ նոյնքան խոնարհ հոգիով հայ մըն է: Ֆրանսա եկած է կզակի ոսկորի տեղադրման համար: Հայաստան կատարած էին առաջին վիրահատութիւնը, սակայն չէր յաջողած: Երկրորդը կատարած է ֆրանսացի մասնագէտ մը, արդիւնքը գոհացուցիչ է: Ֆրանսական պետութիւնը հինգ տարուան բուժման արտօնութիւն տուած է իրեն: Սամուէլ իր կնոջ հետ կ՛ապրի Պուրժի մէջ, սակայն ամէն օր կ’երթայ հիւանդանոց` խնամք ստանալու համար: Միակ որդին` Արմէնը կ’ապրէր Լոս Անճելըս:
Համակրելի այս հայը առաջին մէկ վայրկեանէն գրաւեց սիրտս, դարձանք հարազատ բարեկամներ: Այն երկու օրերու ընթացքին, որ առիթ ունեցանք զիրար տեսնելու, մենք մեզ Երեւանի մէջ կը զգայինք: Մեր խօսակցութեան նիւթը հայութեան եւ Հայաստանի մասին էր…
Երբ սրճարանէն դուրս ելանք, խնդրեցի Ստեփանէն, որ Սենթ Էթիէն տաճար մտնէինք հայերէն գրութիւնը տեսնելու համար: Մտանք տաճար: Խորհրդաւոր մթնոլորտ մը կը տիրէր: Ստեփանին հետ երկու տարի առաջ տեսած էինք այդ փորագրութիւնը, որ հաստաբուն սիւնի մը վարի մասին վրայ էր, սակայն դիւրին չեղաւ զայն գտնելը: Ստեփանն ու իր տղան աչքէ կ՛անցընէին սիւները, մինչ ես ու Սամուէլ հմայուած եռանաւ գոթական այս կառոյցին բարձրութեամբ, երփնապակիներով ու առաստաղով` կը շարունակէինք շրջիլ լռութեամբ, երբ թոռնիկս վազելով եկաւ ու ըսաւ. «Գտա՜նք, գտա՜նք»… Մօտեցանք սիւնին, ուր Ստեփան փորագրութեան վրայ փակցուած թուղթը կը մաքրէր: Ո՞վ գիտէ, ո՛ր անշնորհքը փակցուցած է, ըսի:
– Ով պիտի ըլլայ, եթէ ոչ քաղաքին մէջ ապրող թուրքերէն մին,- պատասխանեց որդիս: Սամուէլ գրպանէն հանելով թաշկինակը, սկսաւ սրբել սիւնին վրայի փոշին: Գիրը յստակ կ՛երեւէր հիմա. թեթեւօրէն փորագրուած էր.
(Մեր Տէր Սուրբ Յիսուս Քրիստոս, Ամէն)
Ո՞վ էր արդեօք Սարգիս: Ե՞րբ էր փորագրած: Ուրկէ՞ էր եկած: Չգիտցանք: Ենթադրեցինք, որ տաճարի կառուցման մասնակցող արհեստաւոր մը կրնար ըլլալ եւ կամ ուխտաւոր մը, որ եկած էր Ամենակալին յայտնելու իր ծառայութիւնը:
– Ով որ ալ ըլլայ, մատաղ իր հոգուն,- ըսաւ Սամուէլ յուզուած:
Նկարուեցանք սիւնին առջեւ ու դուրս ելանք երկիւղածութեամբ: Այդ պահուն յիշեցի Ուիլիըմ Սարոյեանին խօսքը. «Երբ երկու հայ իրարու հետ հայերէն կը խօսին, հոն Հայաստան է…»:

