Սիրելի Ագապի Մղտեսեանի Վառ Յիշատակին

akabiՔանի մը շաբաթներ առաջ ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղէն անդարձ հեռացաւ անոր հաւատաւոր անդամներէն Ագապի Պաղտասարեան-Մղտեսեանը: Անոր կորուստը եկաւ առաւել եւս ճնշելու այս մասնաճիւղի վերջին ամիսներուն ապրած սուգի կսկիծալի մթնոլորտը, երբ իրարու ետեւէ մեզմէ բաժնուեցան` Մարի Սէթեան, Մատլէն Դերձակեան, Սեդա Փամպուքեան ու հիմա` Ագապի Մղտեսեան: Իր հեզահամբոյր բնաւորութեամբ, Ագապի Մղտեսեան նկատառելի ներկայութիւն էր ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղէն ներս: Անոր ընտանեկան նիւթական բարեկեցիկ վիճակը անհրաժեշտ չէր դարձներ, որ ան կլանուէր աշխատաւորական առօրեայ հեւքով: Մէկ մանչ եւ երկու աղջիկ զաւակներու մայր, Ագապի առանցքային ներկայութիւն էր իր տան մէջ, ուր բոլորն ալ, կողակիցէն մինչեւ թոռնիկները, անհուն սիրով ներգրաւուած էին իրմով, կարծէք մերժելով, որ ան նոյնիսկ վայրկեանի մը համար հեռանայ տունէն, հեռանայ իրենցմէ: Այսուհանդերձ, Ագապի յաջողած էր ստեղծել աշխատանքի ի՛ր հեւքը` ծառայելով լիբանանահայ օգնութեան խաչին, ուր վարպետը, պատասխանատուն, տնօրէնը նոյնինքն իր ներաշխարհի խղճամիտ, յանձնառու գիտակցութեան մղումն էր, եւ ուր աշխատանքը կարիքաւորին, անկարին, հիւանդին, ժողովուրդի՛ն ծառայութեան դաշտն էր: Ան իր բարեսիրտ, կարեկցող ու հոգածու նկարագրով հիմնած էր իր անձնական օգնութեան խաչը, անաղմուկ եւ առանց շեփորելու կամ թմբկահարումի, «աջին տուածը ձախը չգիտնայ» կարգախօսով կ՛օգնէր բոլորին` հագուստեղէն թէ այլ պիտանի առարկաներ բաշխելով կարիքաւորին, անկարին: Ան եղած էր ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղին վաստակաշատ վարչականներէն եւ ամենայն բարեխղճութեամբ, բծախնդրօրէն աշխատած է համբերատար ու անտրտունջ կերպով: Յաճախ կը հիանանք` իմանալով ԼՕԽ-ի իրագործումներուն մասին, թէ ինչպէս ոչինչէն ազգօգուտ հսկայական ծրագիրներ կ՛իրագործէ: Գաղտնիքը` Ագապի Մղտեսեանին եւ իր նմաններուն մեղուաջան, համեստ ու հետեւողական աշխատանքին մէջ է, առանց որուն` ամենափայլուն ծրագիրներն անգամ կը մնան թերաւարտ ու պակասաւոր: Իբրեւ մշտադալար կաղնի, ժամանակի փոթորիկներուն դէմ անսասան բուրգ` ԼՕԽ-ը պիտի շարունակէ գոյատեւել, որովհետեւ այդ բուրգը կերտուած է Ագապիին եւ իր նմաններուն օրհնաբոյր ձեռքերով: Մեր մխիթարանքն է, որ երբ այդ ձեռքերը յոգնին ու «մեկնին` հանգչելու» կու գան նորերը, բարեգործութեան իբրեւ աւիշ անոնց ցանած սերմերը կը ծլարձակեն «օրհնաբոյր նոր ձեռքեր»: Վստահ ենք, սիրելի Ագապի, որ քու ալ ցանած սերմերդ անպայման պիտի ծլարձակեն նորերը, քո՛ւ նմաններդ: Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի Ագապի:

ԼՕԽ-Ի
«ՆԱՅԻՐԻ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Share this Article
CATEGORIES