Ժպտերես Լուսանկարիչը.Վաչէ Ասլանեանի (Սթիւտիօ Վաչէ) մահուան քառասունքին առիթով)
Կ.Ա.
«Քու յիշատակդ այս գիշեր զիս լալու չափ կը յուզէ»
Վ. Թէքէեան
Կեանքի փիլիսոփայութեան եւ օրէնքին համաձայն, մարդոց սահմանուած է ծնունդ եւ մահ: Մարդիկ կ՛ուրախանան անձի մը ծնունդով եւ կը տխրին սիրելիի մը բաժանումով: Այս առումով շատ դժուար ընկալելի գաղափար մըն է մահուան իրականութիւնը: Յոյն փիլիսոփայ` Պղատոն մահուան իմաստին մասին հետեւեալ երկու մտածումները արտայայտած է, մէկը` կատարեալ ոչնչութիւն, իսկ միւսը` հոգիին ճամբորդութիւնը դէպի անդրաշխարհ: Այն մարդը, որ վատ կեանք ապրած է, մահէն ետք կ՛ոչնչանայ, իսկ լաւ անուն վաստկած մարդը իր մահէն ետք կ՛անմահանայ հոգին անդրաշխարհ մեկնելէ ետք նոյնիսկ, որովհետեւ ան իր կեանքին սկզբունքը ըրած է ապրիլ մարդկային արժէքներով:
Քառասուն օրեր անցան, բայց կարծես երէկ էր, երբ հողին յանձնեցինք ժպտերես լուսանկարիչ եւ վեհոգի հայորդի Վաչէ Ասլանեանը (Սթիւտիօ Վաչէ):
Թէեւ գիտէինք, որ Վաչէն կը տառապէր անողոք հիւանդութենէ, բայց չսպասեցինք, որ մահը այսքան շուտ պիտի խլէ զինք եւ խլէ իր սիրասուն ընտանիքէն, հարազատներէն եւ բազմահարիւր բարեկամներէն, որոնք կ’ափսոսան այսօր իր վաղաժամ կորուստը:
Վաչէն ծնած էր 1957-ին եւ երկուորեակ զաւակն էր Երուանդ եւ Վերժին Ասլանեաններուն: Նախակրթութիւնը ստացած էր Թէքէեան վարժարանին մէջ: Ան մեծցած էր արուեստագէտ ընտանիքի մը տաքուկ բոյնին մէջ: Հայրը գեղանկարիչ ըլլալով` իր ազդեցութիւնը ձգած է անոր վրայ, իսկ երէց եղբայրը` Յարութը (Սթիւտիօ Յարութ) նկարչութեան թեքնիքները սորվեցուցած եւ ամրացուցած է Վաչէին ունեցած նկարչական ունակութիւնը:
1981-ին ան ամուսնացած է Աստղիկ Քերեսթեճեանի հետ եւ բախտաւորուած երկու զաւակներով` մէկ մանչ եւ մէկ աղջիկ: 1983-ին Վաչէն արդէն նետուած է մարտահրաւէրի մը դիմաց, երբ Նոր Հաճըն թաղամասին մէջ բացաւ իր անձնական սթիւտիոն: Ան ինքնաշխատութեամբ կատարելագործեց ինքզինք` համբաւ շահելով հայ թէ օտար հասարակութեան մօտ: Առհասարակ փնտռուած անուն մը դարձաւ Սթիւտիօ Վաչէն լիբանանահայ գաղութին մէջ, որովհետեւ իր լուսանկարիչի ոսպնեակէն նկարահանուած պատկերներն ու վիտէօ-երիզները կը պատրաստէր բծախնդիր աշխատանքով եւ իւրայատուկ դրոշմով: Ան սիրուեցաւ ոչ միայն իր ասպարէզին գործընկերներուն կողմէ, այլ նաեւ` յաճախորդներուն կողմէ, որոնք այսօր գնահատանքով կ՛արտայայտուին Սթիւտիօ Վաչէին աշխատանքին եւ անձին մասին:
Անոր նկարագիրին բնորոշ գիծերն էին` սէր, յարգանք, բծախնդիր աշխատանք, լաւագոյնին ձգտող: Ան շնորհիւ իր ունեցած հաւատքին պայքարեցաւ իր մէջ բոյն դրած անողոք հիւանդութեան դէմ լաւատեսութեամբ եւ համբերութեամբ:
Վաչէին յուղարկաւորութեան օրը ներկայ գտնուող հոծ բազմութիւնը լաւապէս կ՛արտացոլացնէր իր ունեցած մարդկային արժէքը:
Ափսոս, սիրելի՛ Վաչէ, կեանքիդ թելը շուտ ընդհատուեցաւ: Դուն քու կեանքիդ օրինակով միշտ ներկայ պիտի մնաս բոլորիս յիշողութեան մէջ:
Թող այս տողերը խունկ ու աղօթք դառնան շիրիմիդ վրայ:
Հանգիստ քու յոգնաբեկ մարմինիդ:
Հողը թեթեւ գայ վրադ:
Vatche God bless your soul. R.I.P.