Լիբանանի Անկախութեան 70-ամեակ. «Ազատութիւն, Գերիշխանութիւն, Անկախութիւն»
ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
«Քուլլունա լիլուաթան…»
Հնչեց քայլերգը, բոլորս ոտքի ենք արդէն եւ մեր հայեացքը սեւեռած լիբանանեան Մայրին կրող դրօշին, որ կը բարձրանայ` նշելու համար երկրին անկախութեան 70-ամեակը:
Բանակը պատուի առած դիրքով կը սպասէ երկրին իշխանութեան պետերը` կատարելու համար տարեկան իր տողանցքը եւ լիցքաւորուելու հանրապետութեան նախագահին արտասանելիք խօսքերով: Սպայից վարժարանը այս տարի եւս ունեցաւ աւարտական իր դասարանը` հայրենիքի պաշտպան սպաներու նոր փաղանգ մը, իսկ անկախութեան նախօրեակին յարգուեցաւ ազգային աւանդութիւնը, եւ երկրին անկախութիւնը կերտած անձնաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ նախկին նախագահներուն ու վարչապետներուն շիրիմները «զարդարուեցան» ծաղկեպսակներով:
Ահա եւ վերջ… Անկախութեան տօնակատարութիւնը աւարտած է եւ լիբանանցի հանդիսատեսը իր առօրեային վերադառնալու հոգեվիճակին մէջ կը գտնուի:
Թերեւս այս պահը պիտի ըլլայ յարմարագոյնը, որուն ընթացքին ան մտածէ, թէ ի՛նչ կատարուեցաւ քիչ առաջ, եւ թէ ի՛նչ է իրականութիւնը…
Անոր յիշողութեան մէջ տակաւին թարմ են ամէն ինչ. անկախութեան, գերիշխանութեան եւ պետականութեան ամրապնդման, ազգային միասնականութեան պահպանումին, տնտեսութեան բարգաւաճման, ազգային անվտանգութեան երաշխաւորման մասին հնչող գեղեցիկ եւ զօրութիւն ներշնչող նախադասութիւնները կը կրկնուին անոր մտքին մէջ:
Բայց միտքը ունի նաեւ իր բանականութիւնը, որ մարդ արարածին չի դաւաճաներ:
Ու ահա կու գայ այն պահը, երբ հպարտութեամբ համակուած քաղաքացին անզգալաբար կը նշմարէ իր դէմքին վրայ պատկերուող քմծիծաղ մը. միայն այն ատեն ան կ՛անդրադառնայ, թէ տրամաբանութիւնը սկսած է տեսնել իր գործը եւ իր աչքերուն դիմաց գծել իսկական պատկերներ, որոնք անպայման գեղեցիկ չեն:
Այս պայմաններուն տակ այդ պատկերներուն մէջ ամէնէն տիրականը պիտի ըլլան լիբանանեան դրօշին կարմիր երիզները` նկատի ունենալով, որ անկախութեան 70-ամեակէն 72 ժամ առաջ զոյգ պայթումներ ցնցեցին մայրաքաղաքը, խլելով անմեղ քաղաքացիներուն կեանքը: Քաղաքացիներ, որոնք իրենց օրապահիկը ապահովելու ծանր եւ դառն առօրեան կ՛ապրէին:
Այո՛, պէտք է շարունակել կեանքը, բարձր պահելով ճակատը, բայց իրականութեան փողերուն ղօղանջը հետզհետէ կը նեղցնէ դրօշին ճերմակ երիզը, այն աստիճան, որ Մայրին, հակառակ իր լայն թեւերուն, այլեւս ապահովութիւն չի ներշնչեր լիբանանցիին:
«Ի՞նչ անկախութեան մասին է խօսքը», հարց կու տայ ան: Ի՞նչ անկախութիւն եւ ի՞նչ 70-ամեակ, երբ միջազգային մակարդակի ահաբեկչութիւնը կը թակէ երկրին դռները եւ թշնամի Իսրայէլի պատերազմի կանչերուն հետ միաձուլուելով կը սպառնայ ամբողջ Լիբանանին:
Ի՞նչ անկախութեան մասին է խօսքը, երբ ջրառատ այս երկրին մէջ չկան մարդկային տարրական պէտքերը` ջուրը, ելեկտրականութիւնը:
Ի՞նչ տնտեսութիւն, երբ պետութիւնը մոռնալով իր քաղաքացիները կը ջանայ ապաստան ապահովել գաղթականներուն` իր քաղաքացիին պատառը անոնց շնորհելու գնով:
Ի՞նչ անկախութիւն, երբ չկայ գերիշխանութիւն, երբ երկրին սահմանները օրական դրութեամբ կը խզուին ամէն իմաստով` օդային, ծովային եւ ցամաքային:
Ի՞նչ 70, ի՞նչ 80 եւ ի՞նչ 100, երբ շուրջ դար մը անցած է արդէն, եւ պատգամի երկիր Լիբանանը կը մնայ երկփեղկուած, գետին խփելով ազգային գոյակցութեան սկզբունքը եւ զոյգ-զոյգ նշելով կրօնական տօները: Բարեբախտաբար անկախութեան պարագային տօնը կը մնայ յստակ, առանց ենթարկուելու յարանուանական հեղինակութիւններու որոշումին:
Ի՞նչ բարգաւաճում եւ հզօրացում, երբ լիբանանցի երիտասարդը օրն ի բուն կը մտածէ երկիրը լքելու յարմարագոյն ձեւերուն մասին, հիմնական նպատակ ունենալով դուրսը գտնել իր ապաստանը, այլ խօսքով` իր երկիրը վերածել վայրի մը, ուր ան կ՛այցելէ տարին անգամ մը, տեսնելու համար իր հարազատները:
Եւ ո՞վ է պատասխանատուն այս իրավիճակին: Երկրին իշխանութիւննե՞րը, քաղաքական ուժե՞րը, Մարտ 14-ը՞, Մարտ 8-ը՞, թէ անոնց արտաքին հովանաւորնե՞րը, որոնք ոչինչ կը խնայեն Արեւելքի Զուիցերիան վերածելու հսկայ անտառի մը, առանց իսկ մտածելու անոր հողային ամբողջականութեան` 10,452-ին մասին:
Մնալով տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ, կը տեսնենք, որ ճշմարտութիւնը լաւագոյնս կ՛արտայայտուի պոռթկումի պահուն, հետեւաբար ճշմարտութեան ամէնէն հարազատ վայրկեանը կը մնայ այն, որուն ընթացքին լիբանանցին ի խորոց սրտէ կը գոռայ` «Ազատութիւն, գերիշխանութիւն, անկախութիւն», որովհետեւ այդ պահուն է, որ ինք անկեղծ է եւ գիտէ, որ չունի այդ բոլորը:
Իբրեւ լիբանանահայութիւն` մենք եւս կը տարուինք այս բոլորով, որովհետեւ ի վերջոյ մենք ալ այս երկրին լիիրաւ քաղաքացիներն ենք, պարզ այն տարբերութեամբ, որ միշտ շնորհակալ ենք, լաւատես ենք ու պայքարող:
Մեր ազգային փորձառութենէն մեկնելով, մենք կը փորձենք նպաստել Լիբանանի հզօրացման, կառչած կը մնանք օրէնքներուն, կը յարգենք մեր պարտաւորութիւնները, կը գործադրենք սահմանադրութիւնը, կը շեշտենք ազգային ինքնորոշման յղացքը ըմբռնելու եւ զայն գործադրելու կարեւորութիւնը եւ կը պնդենք ազգային երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը:
Այս բոլորը կատարելու համար սակայն մենք համբերութիւնը կը փոխարինենք ծով համբերութեամբ, դժբախտաբար անտեսելով մեր ներաշխարհէն եկող այն ձայնը, որ կ՛ըսէ. «Ասիկա քու պայքարդ չէ. քու կռիւդ ուրիշ տեղ է: Քեզի կը սպասէ տակաւին երիտասարդ պետութիւն մը, որուն կազմաւորումին մէջ դուն պէտք է ներդրում ունենաս, անոր բարգաւաճման նպաստես, անկախութեան եւ գերիշխանութեան պահպանումին նեցուկ կանգնիս, որովհետեւ անիկա՛ է իսկական հայրենիքդ եւ հո՛ն է քու հարազատ պատկանելութիւնդ»:
Հոս, արդէն կը բացուի նոր եւ ցաւոտ այլ էջ մը եւ անկախութեան 70-ամեակին ի տես բռնկած մտորումները կը հանգին…
Վաղը նոր օր է, եւ նոր օրուան ազդանշանը տուող արեւուն ճառագայթները կը մղեն մաղթելու, որ Լիբանանի անկախութեան 71-րդ տարեդարձը ըլլայ նախաքայլ մը` իսկական անկախութեամբ բոլորելու յաջորդ 70 տարիները:

