Երիտասարդական Ոսպնեակ. Լիբանա՜ն… Երկիր Այլամերժութեան Եւ Թատերավայր Անհանդուրժող Կերպարի (Լիբանանի Անկախութեան 70-ամեակ)
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Ո՛չ, յոռետեսութիւնը չէ, որ մեզ կ՛առաջնորդէ նման եզրայանգումի, այլ` գոյութիւն ունեցող իրերու դրութեան տխուր պատկերը:
Սոփեստութիւնը չէ, որ մեզ կը մղէ, նման մօտեցումի, այլ` իրատես ըլլալու հարկադրանքը:
Անհաւատ ըլլալու մարմաջը չէ, որ մեր հոգիները կ՛ալեկոծէ, միտքերը կը պղտորէ, սիրտերը կ՛անհանգստացնէ, այլ` քաղաքական ու տնտեսական այլասերած գործընթացներու անարգել շարունակութիւնը:
Աւելի՛ն. ինքնախաբէութեամբ չտարուելու եւ առկայ հարցերուն խորը թափանցելու հրամայականն է, որ մեզ կը պարտաւորեցնէ քննել եւ վերլուծել գահավէժ կացութիւններու ծանրակշիռ տարողութիւնը:
Արդ, ինչպիսի՛ բացատրութիւն տալ այն տժգոյն իրողութեան, թէ նոյն երկնակամարին տակ ապրող ժողովուրդի մը զաւակները զոհն են դարձեր իրենց իսկ ստեղծած ստապատիր, լպիրշ ու կեղծ վերաբերումին, համայնքային երկփեղկումին, ուղղակի թշնամանքին, այլատեացութեան, իրերամերժ վարքագիծի տակաւ սրումին, դաւանանքային թէ կրօնական հակումներու անհանդուրժող մօտեցումին ու պայքարին, հակամարտ ուղղութիւններու առաւել բորբոքումին եւ մասամբ նորին:
Եւ այս բոլորին իբրեւ հետեւանք` երկրի մասնատումին, պետութեան քայքայումին, անվտանգութեան եւ անդորրութեան խախտումին:
Իրաւամբ, ըսուած է յաճախ, թէ հայրենիքը հողատարածք մը ըլլալէ աւելի ոգեղինացած ապրումներու, ներհուն մտածումներու եւ քրտնաջան աշխատանքի շտեմարանն է անսեթեւեթ, ուր դարաւոր մաքառումի եւ ստեղծագործ յայտնութիւններու առընթեր, նաեւ կուռ պատմութիւնն իսկ է տուեալ ազգի եւ իրերայաջորդ սերունդներու պայծառ մտածողութեան եւ բիւրեղ ներաշխարհին:
Այլ ասած, տուեալ բնօրրանին ու անոր ընդգրկած հողին, ջուրին, օդին եւ գեղեցկութեան չափ ու աւելի՛ էական է այդ հողին վրայ ապրող ժողովուրդին հաւաքական գիտակցութիւնն ու խոր հասկացողութիւնը, այն առումով, որ չի բաւեր նախնեաց քաղաքակրթական նուաճումներու փառքը ամէն քայլափոխի յիշատակել ու անցնիլ, այլ` շիկացած եւ խորապէս ապրուած այդ դարաւոր ժառանգին տիրութեամբ եւ պահպանութեամբ` այսօրուան ակնկալութիւններու բալասանը դառնալ եւ հետագայ յաջողութիւններու` պատուաբեր ու սնուցիչ երաշխիքը:
Այսօր` Լիբանանի անկախութեան 70-ամեայ երթին ընդառաջ, ի՛նչն է, որ մեզ առաւելաբար պոռթկումի եւ ընդվզումի կը մատնէ, եթէ ոչ այն հրէշային ուրուականը` եղբայրասպանութիւնը, որուն տասնհինգամեայ աւերումին ու անդոհանքին դառնութիւնը ճաշակեցինք քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն (1975 ¬ 1990), որովհետեւ իբրեւ ազգային հաւաքականութիւն զուրկ էինք հայրենիքի հասկացողութենէ, կայացած, հզօր եւ անվտանգ պետականութիւն ունենալու երազանքէ, քաղաքական հասունութենէ, անկախ ու ազատ ապրելու կամքէ:
Յառաջդիմող, քաղաքակիրթ եւ ստեղծագործ ժողովուրդի մը հայեցողութենէն ինչպէ՛ս պիտի վրիպէր այն խոր գիտակցութիւնը, որ ազատութեան ծարաւ եւ անկախութեան իրողապէս ձգտող ամէն հաւաքականութիւն պարտաւոր է ցուցաբերել համոզումի, կամքի եւ հաւատամքի այնպիսի արժեհամակարգ, որով պիտի կարենար յաղթահարել անկարելի թուացող դժուարութիւններն ու խոչընդոտներն անգամ` յանուն հայրենի հողատարածքի պաշտպանութեան եւ ժողովուրդի բարգաւաճումին:
Այդուամենայնիւ, կը պատահէր անըմբռնելին եւ անսպասելին, երբ տարուէ տարի Լիբանան կը մխրճուէր քաոսի ու ճահիճի մէջ:
Ըստ երեւոյթին, ա՛լ ժամանակն է հասեր, բարձրագոռ յայտնելու, թէ ի՛նչ անկախութեան մասին է խօսքը, երբ հայրենիքի ֆիզիքական գոյութիւնն անգամ տատանումի եւ վտանգի ենթակայ է դարձած, պետութեան մը հիմքը հանդիսացող սահմանադրութիւնը իր իմաստէն պարպուած եւ անճիտուած է, ժողովրդավարութեան տարրական իմացումն անգամ ամէնօրեայ խծբծանքի զոհ է դարձած, արդարադատական համակարգի ամլութիւնը իր աւերները կը գործէ, իսկ ընկերային հարցերու տակաւ բարդացումով արդէն երկիրը մուտք է գործեր անորոշ ոլորտներ:
Աւելի՛ն. ամէնօրեայ սաստկացող արիւնահեղութիւններու, պայթումներու թէ ազգադաւ սպառնալիքներու տարափին տակ, պետական կառոյցներն անգամ կքած ու շնչահեղձ են եղած, որովհետեւ քաղաքական հարթակի մէն մի կռուան կ՛ապրի իր ամլութեան թէ անզօր ըլլալու հոգեվարքը:
Անդին, այսպէս կոչուած քաղաքագէտներ թէ պատասխանատու անձնաւորութիւններ` ի տես պարզուած դշխեմ կացութիւններու առաւել բարդացումին, փոխան զիջողական թէ հայրենակերտ վարքագիծերու որդեգրումին, յագուրդ կու տան իրենց բնազդային մտմտուքներուն եւ առանձնապէս կառչած կը մնան ապաշնորհ կեցուածքներու, յանուն իրենց կողմէ որդեգրուած օտարոտի քաղաքական յանձնառութիւններու:
Այո՛, լիբանանցին ժողովուրդ մըն է, որ տասնամեակներէ ի վեր կ՛ապրի իր լինելութեան թէ քաղաքական իրաւունքներուն օրհասը` պարզապէս զոհ դառնալով ապիկար ղեկավարներու ամէնօրեայ մոլուցքին, պատեհապաշտ ու շահամոլ վարքագիծերուն, բայց մանաւանդ` միջազգային խօլ ու ազգաքանդ խաղերու պարտադրանքին:
Երկիր մը, որ գէթ վերջին հարիւր տարիներուն ձեւով մը փորձած է եւ որոշ հանգրուաններու մասամբ կրցած` յառաջդիմութեան եւ ինքնաղեկավարումի հրայրք մը ապրիլ, այդուհանդերձ կրկին անգամ ինկած է քաղաքական համայնակուլ արշաւներուն եւ որորապտոյտ պատուհասներու կրկէսին մէջ, յօշոտուելով եւ քիչ անգամ յարնելով:
Արդեօք, պէտք է հաւատալ, որ լիբանանցին կ՛ապրի ճակատագրուած ըլլալու վիճակ մը, որ տասնամեակներէ ի վեր զինք կը հալածէ, եւ կամ` անխուսափելի իրողութիւն է այն, թէ ազատ ու ինքնիշխան ապրելու կողմնացոյցը կորսնցուցած ժողովուրդի մը ստոյգ վախճանին ինք հասած:
Աստուածամերձ լեռներու գագաթին հանգչած տոկունութեան եւ յաւերժութեան խորհրդանիշ մայրիներն անգամ կարծես զզուանք մը կ՛ապրին, ի տես երկրի գարշելի կացութեան եւ ժողովուրդի խեղճութեան:
Ա՛լ ինչո՛ւ մեղադրել հասարակ քաղաքացին, երբ պժգանքով իր ցաւն ու դառնութիւնը կը հեղու բոլորին գլխուն, գոյութեան պայքարի մէջ իր անկարողութիւնը յայտնելով:
Միւս կողմէ, լիբանանեան հասարակութեան մաս կազմող տարբեր խմբաւորումներ թէ հաւաքականութիւններ տակաւին կը շարունակեն իրենց տգիտութեան թէ բնազդային վերաբերումներուն յագուրդ տալ` թիկունք կանգնելով այս կամ այն ողբերգակ «քաղաքագէտ»-ին, որ իր ժողովուրդին շալակն է ելած, արիւնաքամ կ՛ընէ շրջապատ մը ամբողջ` վասն հայրենիքի քանդումին եւ փառամոլական ախորժակներու:
Կ՛արժէ նախատեսել, թէ հետագային, ինքնագոհ եւ այսպէս ասած պերճամիտ լիբանանասէր աշուղներն անգամ, ինչպիսի՛ գովաբանական ասոյթներ եւ զաժալներ պիտի հիւսեն լիբանանցի ժողովուրդին, բնութեան թէ միմոս քաղաքական գործիչներու մասին, որպէսզի գալիք տասնամեակներուն նորահաս սերունդի զաւակներ հրճուանքով երգեն ու արբշիռ պատգամեն իրենց նախնեաց «մեծագործութիւնները»:
Այս պատեհ առիթով, հարցադրում մը ինքզինք կը պարտադրէ, արդեօք տակաւին ի զօրո՞ւ է Լիբանա՜ն, երկիր դրախտավայր հասկացողութիւնը, ուր համակեցութեան եւ անհատի ազատութիւնները գերակշիռ արժէքներ են, որոնցմով զարգացած եւ յառաջդիմած ազգեր կրցան իրենց պետականութեան հիմքերը ամրակայել եւ դէպի ապագայ դարեր ճախրել:
Մեր` լիբանանահայութեան պարագային, թուրքի եաթաղանէն ճողոպրած զաւակներս` եղբայրաբար ընդունած եւ ապաստան տուած Լիբանանէն որեւէ բան մնացե՞ր է, որպէսզի չտարուինք ընդվզումով ըսելու, թէ նման երեւոյթներ հնամենի կարգախօսերու եւ առասպելներու շարքին են դասուած այսուհետ:
Մեր նախնիքը իրենց տառապանքն ու քրտնաջան աշխատանքը շաղախեցին այս երկրին` ցոյց տալով հաւատաւոր քաղաքացիի ամէնէն վաւերական օրինակը, եղան արժանահաւատ ու պարկեշտ հայեր, դարձան աշխատասիրութեան եւ նուիրումի տիպար օրինակ, կրցան յաղթել մահուան եւ ստեղծել իրենց օճախը, կառուցեցին դպրոց ու եկեղեցի, ակումբներ ու միութիւններ, մէկ խօսքով` ոգի ու շունչ, միտք ու մշակոյթ ներմուծեցին լիբանանեան խայտաբղէտ առօրեային, եղան քաղաքական գործիչներ, վաստակաւոր արուեստագէտներ եւ յարգանք պարտադրող առեւտրականներ` սատար կանգնելով ապագայ Լիբանանի կերտումին:
Ճիշդ է, որ լիբանանահայութիւնը անցեալի թէ ներկայ դառն օրերու անդոհանքը ապրելով հանդերձ կը շարունակէ հաւատալ ապագայ անկախ ու գերիշխան Լիբանանի կերտումին, որով պիտի հպարտանան, սնանին ու բարգաւաճին հետագայ սերունդներ:
Արդ, թէկուզ առկայ կացութիւններու եւ խառնափնթոր վիճակին մէջ, իբրեւ վաստակաշատ եւ իրաւունքի տէր քաղաքացիներ, հայութիւնը պարտաւոր է իր ներկայութիւնն ու խօսքը բարձրաձայնելու, ի հարկին պոռթկալու եւ ընդվզելու, բոլոր անիրաւութիւններու եւ անտեսումներու դէմ, յանուն սահմանադրականօրէն իրեն վերապահուած իրաւունքի պահպանման եւ առաւել ձեռքբերման:
Աւելի քան երբեք, այսօր, ամբողջ լիբանանահայութիւնը իր բոլոր շերտերով եւ տարբերութիւններով պարտաւոր է ձերբազատիլ հնաբոյր քաղաքական թէ գաղափարական կարգախօսներէ, լծուիլ համայնքի շահերու պաշտպանութեան, արգելակել ամէն ոտնձգութիւն, որ կը կատարուի ազգային շահերու դէմ, եւ միասնակամ ոգիով դիմակայել հետագայ բոլոր մարտահրաւէրները:
Ատենին, քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, հայութիւնը ցոյց տուաւ արիութեան, տոկունութեան եւ պաշտպանական հաւատամքի վառ օրինակ, եւ յաղթեց պարտադրուած սարսափին ու աւերին, թանկագին հայորդիներու կեանքի գնով:
Այսօր, Լիբանանի անկախութեան 70-ամեակը առիթ մը պէտք է ըլլայ վերատեսութեան ենթարկելու հաւաքական մեր կեանքի ընթացքն ու ճանապարհը, ըստ էութեան ուսումնասիրելու պարզուած քաղաքական թէ զինուորական կացութիւնները, կանխելու հետագայ բացթողումները, ներազգային կեանքին տալու նորովի շունչ եւ ոգեկան բարձունք, խանդ ու հպարտութիւն, որովհետեւ մեզ կը սպասեն մարտահրաւէրներով լեցուն տարիներ:
Հաւատացած ենք, որ ժողովուրդներ կը յաղթեն երբ անոնց ծոցէն ծնունդ կ՛առնեն հայրենասիրութեամբ դաստիարակուած փաղանգներ, քաղաքացիական կրթութեամբ սնած սերունդներ, բայց մանաւանդ` հայրենակերտի տեսլականով պարուրուած պատասխանատուներ:
Լիբանան երկիրը պիտի կարենայ շրջանցել ստեղծուած այս օրերու քաղաքական ու պատերազմական ընդմիջեալ կացութիւնները, եթէ երբեք իր ժողովուրդը ձերբազատի կամակատարի եւ յեղյեղուկ կերպարի պատմուճանէն եւ հպարտօրէն ողջագուրուի լեռներու գագաթին թառած մշտադալար մայրիներուն հետ եւ ամբողջ մարդկութեան երեսին գոռա՜յ ու պահանջէ ազատ եւ անկախ ապրելու իր իրաւունքը:
Մնացեալը` մանրամասնութիւն հանդէսներ են: