Ի՞նչ Կը Մտածէ Միւս Թուրքը. Զապէլին Մայրը Ըսած Էր` «Չմոռնաս Հայ Ըլլալդ»

ՕՐԱԼ ՉԱԼԸՇԼԱՐ

Չորեքշաբթի 20 նոյեմբեր 2013-ի մեր` Հայ դատի, էջով անդրադարձած էինք «Թարաֆ»-ի մէջ Նեւին Եըլտըզ Թեհինճիօղլուի մէկ յօդուածին, որ կ՛արձագանգէր իսլամացուած հայերու մասին խորհրդաժողովին արծարծուած պարագայի մը` Սառա դարձած Զապէլի պատմութեան:

Ստորեւ` նոյն հայուհիի գողգոթան մեկնակէտ դարձնող Օրալ Չալըղլարի «Ռատիքալ»-ի մէջ լոյս տեսած յօդուածը, ուր Զապէլ-Սառայի պարագայէն մեկնելով ընթերցումի արժանի խորհրդածութիւններ կան:

Թուրքիոյ մէջ բարեփոխումներու իբրեւ արդիւնք` երկրին տարբեր շրջաններուն մէջ գտնուող «իսլամացուած հայեր»-ուն մէկ մասը սկսած է յայտնուիլ իր իսկական ինքնութեամբ:

1915-ի հայոց տեղահանութեան շրջանին մայրը իր աչքերուն առջեւ սպաննուած տեսած Զապէլը որդեգրուած էր իսլամ ընտանիքի մը կողմէ. հոգեվարքի մէջ մօրը վերջին խօսքը իր աղջկան եղած էր` «Չմոռնաս հայ ըլլալդ»:

Զապէլ երբեք չմոռցաւ այս խօսքը. իրենց մօտ ապաստանած թուրք ընտանիքը երբ նամազի սկսէր, ինք անկիւն մը քաշուելով` պատին վրայ խաչի նշան կ՛ընէր, եւ կը հաւատար, որ այս կերպով կը պահէր իր ինքնութիւնը:

«Հրանդ Տինք հիմնարկ»-ին կողմէ կազմակերպուած «իսլամացուած հայերու համագումար»-ին, որ տեւեց երեք օր, օրակարգի եկան շատ մը պատմական եւ ներկայի իրականութիւններ. շատերու անձնական պատմութիւնները փոխանցուեցան: 1915-ի ցեղասպանութեան պատճառած դժբախտութիւններու կողքին, քննարկման նիւթ դարձաւ նաեւ կէտ մը, որ ուշադրութեան առարկայ չէր դարձած ցարդ:

1915-ին եւ յաջորդած տարիներուն Անատոլուի տարբեր շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած կոտորածներուն զուգահեռ, մեծ թիւով հայեր հաւաքաբար կրօն փոխեցին իրենց կեանքը փրկելու համար թալանին անբաժան մէկ մասը կազմող մանչ եւ աղջիկ երեխաներու յափշտակութենէն բացի, որոշ մաս մըն ալ իրենց ծնողներուն ձեռքով յանձնուեցան ընտանիքներու` պարզապէս իրենց կեանքը փրկելու նպատակով:

Մինչեւ այսօր շատ չխօսուած նիւթերէն մէկն ալ կրօնափոխ եղած այս ընտանիքներուն ինչեր պատահած ըլլալն է: Ինչպիսի՞ զգացումներու մէջ եղած են իսլամ ընտանիքներու տրուած երեխաներն ու անոնց զաւակները:

Ահաւասիկ այսպիսի նիւթեր քննարկուեցան կամ կարելի եղաւ քննարկել այս համագումարին: Թերեւս առաջին անգամ ըլլալով մարդիկ կրցան կապ մը գտնել իրենց նախկին եւ ներկայ ինքնութիւններուն միջեւ:

Յովհաննէսն ալ այս երեխաներէն մէկն էր: Կեանքը փրկելու համար կրօնափոխ եղած էր. 16 տարեկան էր, այսինքն ամէն բան հասկնալիք եւ գիտնալիք տարիքին: Կրօնափոխ եղած ժամանակ «շեհատեթ» բերած էր, այսինքն Աստուծոյ միութեան եւ Մոհամետին անոր առաքեալը ըլլալուն հաւատացած էր. բայց եւ այնպէս, գիշերները քունի չմտած` նախ կը խաչակնքէր, ապա մօրը սորվեցուցած հայերէն աղօթքները կ՛ըսէր:

Իսկ Սառային պատմութիւնը աւելի տխուր է. քիւրտ պէյը` Էյիւփ աղան Սառային հայ ընտանիքին վրայ ձեռք կը դնէ իբրեւ աւար. կը սեփականացնէ անոնց գիւղը, ինչքերը եւ կալուածները: Պատմուածներուն համեմատ, Սառան գեղեցիկ, երիտասարդ աղջիկ մըն էր. ան կ՛որոշէ զայն իր երրորդ կինը դարձնել, եւ երբ Սառան կը մերժէ, անոր աչքերուն առջեւ կը սպաննէ հայրն ու մայրը. երբ կարգը կու գայ եղբօրը, Սառան չի դիմանար անոր լաց ու  կոծին եւ ակամայ կ՛ընդունի աղային պահանջը. ասիկա, սակայն, արգելք չ՛ըլլար, որ եղբայրը սպաննուի: Հակառակ աղային բոլոր ճնշումներուն` Սառան կը մերժէ կրօնափոխ ըլլալ եւ երբեք իր կամքով աղային հետ նոյն անկողինը չի մտներ: Ենթարկուած բռնաբարութիւններուն իբրեւ հետեւանք` կը ծննդաբերէ 15 անգամ, սակայն տարօրինակ ձեւով անոնցմէ ոչ մէկը կրնայ ողջ մնալ:

Աղային մահէն ետք ամբողջ հարստութիւնը Սառան կը ժառանգէ, սակայն ան ամբողջ ունեցուածքը կը նուիրէ բարեսիրական հաստատութեանց: Սառային կողմէ մինչեւ մահ իսլամութեան մերժումը էյիւփ աղայի ընտանիքին մէկ ողբերգութիւնը կը նկատուի եւ սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի:

Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելից:

2015-ին մէկ տարի մնաց. 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին շեմին հարկ է որ Թուրքիան առնէ կարգ մը քայլեր, պէտք է յստակացնէ, որ ինչպէ՞ս կ՛արժեւորէ Իթթիհատ եւ Թերաքքըի գործած այս մեծ ոճիրը:

«Անոնք մեզի ըրին, մենք ալ անոնց» ըսելով` այս հարցը մոռցնել տալու ջանքերը ապարդիւն են, ամէն մարդ տեղեակ է այլեւս:

Երեք օր տեւած «իսլամացուած հայերու համագումար»-ին անգամ մը եւս օրակարգի եկան հարիւր տարի առաջ պատահած տխուր պատմութիւնները. փաստաթուղթեր: Գրաւոր եւ բերանացի պատմութիւններ իրարու յաջորդեցին:

Թուրքիոյ մէջ սկիզբ առած բարեփոխութիւններու իբրեւ արդիւնք` երկրի տարբեր շրջաններէն «իսլամացուած հայերուն» մէկ մասը սկսած է բացայայտել իր իսկական ինքնութիւնը. կարգ մը հայեր, հակառակ իրենց իսլամութեան հայկական պատկանելիութիւնը նախկինէն տարբեր շեշտադրութեամբ յառաջ կը քշեն, կը նախընտրեն ա՛յս ինքնութեամբ շարունակել իրենց կեանքը, իսկ մաս մըն ալ վերադարձ կ՛ընէ իր քրիստոնէական արմատներուն:

«Հայկական ինքնութեան» հարցը, ինչպէս Թուրքիոյ մէջ տարբեր ինքնութիւններու պահանջի պարագային, սկսած է ուշադրութեան կեդրոն դառնալ:

2015-ը չեկած` ընելիք շատ բաներ ունինք. Ցեղասպանութեան ընթացքին բնաջնջուածները այս երկրին զաւակներն էին, մեր հարեւանները, իսկ մեզմէ ոմանց ալ` մեծ մայրերն ու ընտանիքի մեծերը:

Ժողովրդավարացման համար կարեւոր առիթ մըն է պատմութեան հետ առերեսուիլ, եթէ կարենանք…

«Ռատիքալ»
4-11-13

Հայացուց Գ. Կ.

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )