Քերամեթ Գիւղին Մէջ Թրքական Պետութեան Որոշումով Հայերէ Մնացած Գանձ Կը Փնտռուի
Երկուշաբթի, 4 նոյեմբերին Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթին մէջ կը կարդանք հետեւեալ լուրը:
Պուրսայի Օրհան Կազի գաւառակի Քերամեթ գիւղի տան մը հիմքերուն մէջ պաշտօնական հրամանով սկսաւ հայերու կողմէ պահուած հաւանական գանձի մը փնտռտուքը: Շատ երկար տարիներէ ի վեր կը պնդուէր, որ այդ տան տակ գանձեր պահուած են: Տեղացի ժողովուրդը միշտ կ՛ուզէր փնտռտուքներ ու պեղումներ ընել, որպէսզի երեւան հանուէր գանձը, եթէ իսկապէս գանձ մը պահուած էր հոն: Աւելի քան երկու տարի թղթակցութիւններ փոխանակուեցան պատկան իշխանութիւններուն հետ. վերջապէս իշխանութիւնները արտօնեցին, որ պաշտօնական անձնաւորութեանց ներկայութեան կատարուի պեղում ու փնտռտուք: Յիշեալ տունը ներկայիս կը պատկանի Սալիհա Շենթիւրք անուն կնոջ մը եւ լքեալ վիճակ ունի: Երբ գիւղապետարանը որոշեց, որ այդ տունը քանդուի, գանձի որոնումը առաջնակարգ կարեւորութիւն ստացաւ, բայց առաջին փորձերը արդիւնք չտուին:
Տանտիրուհիին փեսան տուաւ հետեւեալ բացատրութիւնը. «Փոխանակման շրջանին քանի մը հայ ընտանիքներ բնակութիւն հաստատեր են Քերամեթ գիւղը: Ազգային փրկութեան պատերազմի օրերուն այդ ընտանիքները, բացի մէկէն, հեռացեր են Թուրքիայէն: Մնացող միակ ընտանիքը միշտ կը պատմէ եղեր, որ խոյս տուած միւս ընտանիքներուն ոսկիներն ու ինչքերը պահած են տան տակ: Տարիներ շարունակ այս բամբասանքը շրջեցաւ գիւղին մէջ: Ուստի, երբ գիւղապետութիւնը որոշեց, որ այս տունը քանդուի, իրենք ալ դիմեցին Յուշարձաններու խորհուրդին ու գանձի փնտռտուքի արտօնութիւն խնդրեցին:
Ըսուեցաւ, որ պեղումներն ու փնտռտուքը պիտի շարունակուին ամիս մը:

