Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՊԷՅՐՈՒԹԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատունը կոչ ուղղեց իր քաղաքացիներուն վերադառնալու Սէուտական Արաբիա եւ զգուշանալու:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը Պէյրութի, Լեռնալիբանանի, Պեքաայի եւ լիբանանեան զանազան շրջաններու վերեւ թռիչքներ կատարեց` ոտնձգութիւններ գործելով երկրին գերիշխանութեան դէմ:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի: Պլոքը կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն ինքնաքննարկում կատարելու եւ ազգային լուրջ երկխօսութեան հրաւէրին ընդառաջելու:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ շեշտեց, որ Ժնահի պայթումները լոկ ապահովական միջադէպեր չեն, այլ` ռազմավարական պատգամներ:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն զգուշացուցած է, թէ Հըզպալլայի կողմէ Սուրիոյ տագնապին միջամտութիւնը Լիբանանի վրայ վտանգաւոր հետեւանքներ պիտի ունենայ:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, միջազգային գաղտնի սպասարկութիւններ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը եւ Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապը զգուշացուցած են իրենց դէմ գործուելիք հաւանական մահափորձերէ:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, իրանեան գաղտնի սպասարկութիւնը ստանձնած է Պէյրութի իրանեան դեսպանատունը թիրախ դարձուցած պայթումին թղթածրարը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Լիբանանի անկախութեան տօնէն ետք պիտի այցելէ Թեհրան` ընդառաջելով իրանցի իր պաշտօնակից Ալի Լարիժանիի կողմէ իրեն յանձնուած Իրան այցելութեան հրաւէրին: