Անկախութեան 70-ամեակին Առիթով`. Զօր. Քահուաժիի Օրուան Հրահանգը
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Լիբանանի անկախութեան 70-ամեակին առիթով արտասանեց օրուան հրահանգը, որուն մէջ նշեց, որ իբրեւ լիբանանցիներ ամէն տարի ճակատագիրը կը պարտադրէ, որ վտանգներու եւ ապահովական միջադէպերու մթնոլորտին մէջ նշուի երկրին անկախութիւնը:
«Սակայն իբրեւ զինուորականներ մեր պարտականութիւնն է պաշտպանել երկիրը, իսկ ընտրանքն է` դիմադրել թշնամի Իսրայէլի եւ անոր լրտեսումի ցանցին ու մեր երկրին տիրանալու ախորժակներուն, ինչպէս նաեւ դէմ դնել երկրին սպառնացող ահաբեկչութիւններուն», ըսաւ ան:
Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ բանակին պարտականութիւնն է պաշտպանել երկիրն ու քաղաքացին եւ երկրին դրօշը բարձր պահել, ինչպէս նաեւ պահպանել սահմանադրութիւնը, որ կը պաշտպանէ հանրապետութիւնը:
Ան հաստատեց նաեւ, որ Լիբանանի սահմանադրութիւնը կը դրսեւորէ Լիբանանի ոգին եւ ազգային համակեցութեան իսկական իմաստը:
«Մինչ շրջանը կ՛ուղղուի դէպի բաժանում եւ ազգային համակեցութեան ու համերաշխութեան սկզբունքի չքացում, մենք պէտք է պահպանենք Լիբանանի Ազգային ուխտը եւ ամէն ջանք ի գործ դնենք մեր տագնապները լուծելու», ընդգծեց Քահուաժի: