Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Է. Տարելիցին Առիթով` . «Փիեռի Հոգին Առաջնորդեց Մեզի, Եւ Անոր Հովանիին Տակ Կրցանք Նուաճումներ Իրագործել» Շեշտեց Ամին Ժեմայէլ

Ժեմայէլ ծաղկեպսակ կը զետեղէ իր զաւկին շիրիմին
Նախկին նախարար Փիեռ Ժեմայէլի սպանութեան Է. տարելիցին առիթով, երէկ Պիքֆայայի Մար Միխայել եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որուն ներկայ գտնուեցան սպաննուած նախարարին ընտանիքը, խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի,
մեծ թիւով նախարարներ եւ երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ ներկաներու հոծ բազմութիւն մը:
Հոգեհանգստեան արարողութեան նախագահեց մարոնի համայնքի Պիքֆայայի առաջնորդ Եուսեֆ Պշարա եպիսկոպոսը, որ Փիեռ Ժեմայէլի նկարագիրին եւ անոր յատկանիշներուն անդրադարձաւ ու աղօթեց անոր հոգւոյն համար:
Հոգեհանգստեան արարողութեան աւարտին, Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ շեշտեց, որ իրենց ճակատագիրն է պայքարիլ Լիբանանի համար եւ փրկել զայն` աւելցնելով, որ իրենք վայրկեան մը իսկ չեն մոռցած նահատակ իրենց զաւակը:
«Փիեռի հոգին առաջնորդեց մեզի, եւ անոր հովանիին տակ կրցանք նուաճումներ իրագործել», ըսաւ ան:
Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք Փաղանգաւոր կուսակցութեան պատասխանատուներն ու անոր ընտանիքը ծաղկեպսակ մը զետեղեցին անոր շիրիմին: