Փ. Մանճեան Կոչ Կ՛ուղղէ Կառավարութեան Նիստ Մը Գումարելու
Պետական նախարարի պաշտօնակատար Փանոս Մանճեան երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին զգուշացուց Լիբանանի մուտք գործած այս հանգրուանին վտանգներէն:
Ան կոչ ուղղեց կառավարութեան գումարելու նիստ մը եւ երկրին դիմագրաւած ներկայ դժուար պայմաններուն մասին տալու համապատասխան որոշումներ:
Փ. Մանճեան շեշտեց, որ կառավարութիւն կազմելու կոչերը վերածուած են ամէնօրեայ սպառումի նիւթերու, որովհետեւ արդէն իսկ բոլորին համար յստակ է, թէ այս հանգրուանին նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը անկարելի է:
Միւս կողմէ, Փ. Մանճեան Լիբանանի անկախութեան նախօրեակին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի անունով ծաղկեպսակ մը զետեղեց հանրապետութեան նախկին նախագահ Պշարա Խուրիի դամբարանին:
CATEGORIES Լիբանանեան