Միքաթի Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Մեկնեցաւ Թուրքիա

Միքաթի եւ Էրտողան

Միքաթի եւ Էրտողան

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Թուրքիա:

Միքաթի Անգարայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի յայտնեց, որ Լիբանան կը ցանկայ Թուրքիոյ հետ հեզասահ եւ լաւ յարաբերութիւններ ունենալ` աւելցնելով, որ լիբանանեան-թրքական երկկողմանի յարաբերութիւնները բաւական ամուր են` քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային առումով:

Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ամպերը արդէն իսկ վերացած են եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները` վերահաստատուած:

Միքաթի ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է արաբական եւ միջազգային քաղաքական բոլոր ջանքերը ի գործ դնել` կարենալ Սուրիոյ պատերազմին վերջ մը դնելու եւ անոր ապահովական կայունութիւնը վերահաստատելու համար:

Ան հաստատեց, որ արաբական եւ օտար բոլոր երկիրները պէտք է իմանան, որ Լիբանանի համար շատ ծանր է սուրիացի գաղթականներուն բեռը` նկատի ունենալով, որ տակաւին գաղթականներուն դէպի Լիբանան հոսքը կը շարունակուի:

«Լիբանան, որ սուրիացի գաղթականներու թղթածրարին նկատմամբ եղբայրական եւ մարդկային վերաբերում կը ցուցաբերէ, փոփոխութեան պիտի ենթարկէ իր մօտեցումը եւ պիտի որդեգրէ իր ազգային շահերուն հետ համընկնող կեցուածքներ», ըսաւ ան:

Միքաթի շեշտեց, որ թուրք պատասխանատուները հասկացողութիւն ցուցաբերած են իր կեցուածքին նկատմամբ:

Միքաթի Թուրքիայէն պահանջեց ամէն ջանք ի գործ դնել` ազատ արձակելու համար Եուհաննա Իպրահիմ եւ Պուլոս Եազիժի պատրիարքները, որոնք Սուրիոյ մէջ առեւանգուած են:

Իր կարգին Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիա կը զօրակցի Պէյրութի եւ կը դատապարտէ իրանեան դեսպանատունը թիրախ դարձուցած ահաբեկչութիւնը:

«Մենք Թուրքիոյ մէջ տառապած ենք նման ահաբեկչական գործողութիւններէ եւ կը դատապարտենք նման արարքներ», ըսաւ Էրտողան` մաղթելով, որ Լիբանանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները մնայուն կերպով զարգանան:

Էրտողան հաստատեց, որ Թուրքիա կը զօրակցի Լիբանանին` սուրիացի գաղթականներուն հարցով եւ ընդգծեց, որ ան յանձնառու է Լիբանանի հետ յարաբերութիւններուն ամրապնդումին:

 

Share this Article
CATEGORIES