Իրանեան Դեսպանատան Մէջ Ապատի Եւ Ապտելլահեան Շարունակեցին Ցաւակցութիւններ Ընդունիլ
Իրանի արտաքին գործոց նախարարի միջինարեւելեան եւ ափրիկեան հարցերու օգնական Հիւսէյն Էմիր Ապտելլահեան եւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի երէկ շարունակեցին դեսպանատան մէջ ցաւակցութիւններ ընդունիլ պայթումներուն պատճառած զոհերուն սուգին առիթով:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման անձամբ ուղղուեցաւ դեսպանատուն, ուր ցաւակցութիւն յայտնեց:
Դեսպանատուն այցելեց եւ ցաւակցութիւն յայտնեց նաեւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ, որ շեշտեց, թէ իրանեան դեսպանատունը թիրախ դարձնելու արարքը ամբողջ Դիմադրութեան առանցքին դէմ ուղղուած պատգամ մըն է:
Ցաւակցութիւն յայտնեց նաեւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան, որ զօրակցութիւն յայտնեց Իրանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ անոր հաւասարակշռող դերակատարութեան:
Մուսթաքպալ հոսանքի մէկ պատուիրակութիւնը եւս այցելեց դեսպանատուն: Պատուիրակութեան մաս կազմող երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ պատուիրակութիւնը նախկին վարչապետներ Սաատ Հարիրիի եւ Ֆուատ Սինիորայի անունով ցաւակցութիւն յայտնած է: Ան շեշտեց, որ իրանեան դեսպանատունը թիրախ դարձուցած պայթումները բոլոր լիբանանցիները թիրախ դարձուցած են:
Հուրի խստիւ դատապարտեց պայթումները` շեշտելով, որ «նման պարագաներու պէտք է մեզ բաժնող բոլոր տարակարծութիւններէն վեր մնանք»:
Դեսպանատուն այցելեց նաեւ շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ, շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան, ինչպէս նաեւ հոգեւորականներ, դիւանագէտներ, զինուորականներ եւ պետական ու բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ:
Ցաւակցութիւններէն ետք Ապատի իր կատարած յայտարարութեան մէջ շեշտեց, որ ահաբեկչական գործողութիւնները ապարդիւն են` աւելցնելով, որ այս գործողութիւնը ամէնէն աւելի շահաւոր կը նկատուի Իսրայէլի համար:
Ապատի ցաւակցութիւն յայտնեց պայթումին պատճառով զոհուած լիբանանցիներուն հարազատներուն:
ՆՇԵՆՔ, որ Հիւսէյն Էմիր Ապտելլահեան Ապատիի ընկերակցութեամբ հանդիպում մը ունեցաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները եւ քանի մը օր առաջ իրանեան դեսպանատունը թիրախ դարձուցած պայթումներուն վերաբերող հարցեր:

