Ճազի Նուագահանդէս

Jazz2Հայ աւետարանական քոլեճի 90-ամեակի գործունէութեանց շարքին վերջինը դպրոցի նախկին աշակերտներէն Աւօ Թիւթիւնճեանի եւ իր խումբին կողմէ սիրայօժար կերպով ի նպաստ դպրոցին մատուցուած ճազի նուագահանդէս մըն է:

Յայտագիրին վրայ են Տիւք Էլինկթընի, Թելոնիուս Մոնքի, Մայլզ Տէյվիսի, Հորէյս Սիլվըրի, Պենի Կոլսոնի եւ այլ ճազի երաժշտական ստեղծագործութիւնները:

Աւոյի նուագախումբին անդամներն են ինք (սաքսոֆոն), Արթիւր Սաթեան (դաշնակ), Փաոլօ Օրլանտի (թմբուկ), Րաֆֆի Մանտալեան (կիթառ) եւ Մաքրամ Հոսն (թաւջութակ):

Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 30 նոյեմբեր 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ հանդիսասրահին մէջ:

Ճազ երաժշտութիւն սիրողները պէտք չէ փախցնեն այս առիթը:

Share this Article
CATEGORIES