Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Հռոմի Մէջ Կը Մասնակցի Արեւելեան Եկեղեցիներու Լիագումար Ժողովին

nersesbedrosxixՏանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը կիրակի, 17 նոյեմբերի առաւօտեան մեկնեցաւ Հռոմ` մասնակցելու համար  Արեւելեան եկեղեցիներու լիագումար ժողովին, որ տեղի կ՛ունենայ 19-22 նոյեմբերին, Վատիկանի առաքելական պալատի Պոլոնիա դահլիճին մէջ` մասնակցութեամբ կարտինալական դասի անդամներու, պատրիարքներու եւ աւագ եպիսկոպոսներու:

Արեւելեան եկեղեցիներու այս լիագումար ժողովի օրակարգին վրայ էին յատկապէս առանցքային երեք նիւթեր` ծիսակատարութիւնը, կղերին կազմաւորումը եւ Աստուծոյ ժողովուրդին հովուութիւնը:

Այնուհետեւ, 21 նոյեմբերի առաւօտեան, ժողովին մասնակիցները Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ մասնակցեցան համապատարագին, որուն նախագահեց Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովին կառավարիչը` կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի, որմէ ետք լիագումար ժողովին մասնակցող պատրիարքները հանդիպում մը ունեցան Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետին հետ`  քննարկելու համար Արեւելքի քրիստոնեաներուն ներկայ իրավիճակը եւ անոր յարակից հարցեր:

Կիրակի, 24 նոյեմբերին, ժողովականները  իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն «Հաւատքի տարուան» եզրափակիչ հանդիսաւոր արարողութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ` Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետին նախագահութեամբ:

Share this Article
CATEGORIES