Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ներկայացուցիչին Ատենապետութեամբ Եկեղեցական Ընտանիքներու Քարտուղարներու Ժողով` Ժընեւի Մէջ

wcc-21Երեքշաբթի, 19 նոյեմբերէն հինգշաբթի,  21 նոյեմբեր 2013, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեկեղեցական յարաբերութիւններու վարիչ Նարեկ արք. Ալեէմեզեան ատենապետեց Եկեղեցական ընտանիքներու քարտուղարներու ժողովին:

Ժողովին մասնակցեցան ուղղափառ, կաթողիկէ, անկլիքան, մկրտչական, բողոքական, բարեկարգեալ, լուտերական, հոգեգալստական եւ աւետարանչական եկեղեցական ընտանիքներու երեսուն քարտուղարներ եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ու այլ միջեկեղեցական կազմակերպութիւններու տասը ներկայացուցիչներ:

Իւրաքանչիւր քարտուղար իր եկեղեցական ընտանիքին գործունէութեան մասին զեկուցեց: Այս ծիրին մէջ, Նարեկ սրբազան խօսեցաւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքին, Միջին Արեւելքի եւ մանաւանդ Սուրիոյ կացութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի յիշատակութեան մէջ եկեղեցիներու մասնակցութեան մասին:

Ապա, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի եւ այլ եկեղեցական ընտանիքներու համաժողովներուն, միջեկեղեցական շարժումի ապագային եւ աստուածաբանական երկխօսութիւններու մասին քննարկումներ կատարուեցան: Այս մարզին մէջ, Նարեկ սրբազան «Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի եւ Եկեղեցական ընտանիքներու համախմբումի գործակցութեան հրամայականը» նիւթով դասախօսութիւն մը տուաւ:

Եկեղեցական ընտանիքներու քարտուղարներու յաջորդ ժողովը պիտի գումարուի 2-6 նոյեմբեր 2014-ին` Հոլանտայի մէջ:

Share this Article
CATEGORIES