Հարասթայի Պայթումին Զոհ Կ՛երթայ Սուրիական Բանակի Հայ Զինուորներէն Յակոբ Տէր Ղազարեան
«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ երէկ` 21 նոյեմբերին, երեք օրուան պրպտումներէ եւ քննութիւններէ ետք ի յայտ եկած է սուրիական բանակին մէջ ծառայող հայ զինուոր Յակոբ Տէր Ղազարեանի դիակը:
17 նոյեմբերին զինեալ ընդդիմադիրներու կողմէ ականի թիրախ դարձած են Դամասկոսի Հարասթա շրջանին մէջ գտնուող զինուորական կարեւորագոյն կեդրոններէն` բանակի զինուորական կառքերն ու հրասայլերը վերանորոգելու վարչական երկու շէնքերը:
«Բերիոյ նիուզ» կը նշէ, որ պայթումին իբրեւ հետեւանք կեդրոնի երկու շէնքերը ամբողջութեամբ փուլ եկած են` պատճառելով տասնեակ մը զոհեր եւ վիրաւորներ:
Կարգ մը զոհերու ինքնութիւնը յստակացած էր, սակայն տակաւին կան դիակներու բեկորներ, որոնց պատկանելիութիւնը «Տի. Էն. Էյ.»-ի քննութիւններուն միջոցով կարելի կ՛ըլլայ բացայայտել, հետեւաբար երեք օրուան պրպտումներէ եւ քննութիւններէ ետք ի յայտ եկած է, որ զոհերու կարգին է սուրիական բանակի մէջ ծառայող հայ զինուոր մը` 14 սեպտեմբեր 1988-ի ծնունդ Յակոբ Տէր Ղազարեան:
Արձանագրուած զոհերու դիակները անճանաչելի ըլլալու պատճառով է, որ կ՛ուշանայ զոհերու ինքնութիւնը բացայայտելու աշխատանքը: