«Անդիմագիծ Զէնքը Կը Խոչընդոտէ Ազգային Համախոհութիւնը» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման

dependance---CopyՀանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Լիբանանի անկախութեան 70-ամեակին առիթով երէկ յայտնեց, որ անկախութեան մասին խօսիլը կը դժուարանայ, եթէ չկարենանք երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել:

«Կը դատապարտենք իրանեան դեսպանատունը թիրախ դարձնող պայթումը, որ կը սպառնայ ամբողջ երկրին: Եթէ մենք չկարենանք մենք զմեզ շրջանային տագնապներուն հետեւանքներէն չէզոք պահել, ապա երկրին անկախութիւնը կարելի չ՛ըլլար ամրապնդել: Իսկ եթէ լիբանանեան խմբաւորումները պետութեան տրամաբանութենէն զերծ պիտի կացուցեն իրենք զիրենք, ապա երկրին անկախութիւնը կարելի պիտի չըլլայ պահպանել», ըսաւ ան:

Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ անդիմագիծ զէնքը կը խոչընդոտէ լիբանանեան ազգային համախոհութիւնը: «Պէտք է այդ զէնքին առաքելութիւնը միատեղել», շեշտեց ան` աւելցնելով, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ թշնամի Իսրայէլի դէմ իր կարողականութիւններուն պահպանումին:

«Լիբանանի անկախութեան օրը մեր նպատակները փորձելու, Լիբանանի նկատմամբ մեր սէրը չափելու եւ ազգային միասնականութեան ու համերաշխութեան նկատմամբ մեր յանձնառութիւնը ամրապնդելու օրն է», ըսաւ նախագահ Սլէյման:

Ան կոչ ուղղեց քաղաքական ուժերուն եւ պատասխանատուներուն արգիլելու անիշխանութիւնը` նկատի ունենալով, որ ներկայիս գոյութիւն ունի երկարաձգուած պաշտօնավարութեամբ խորհրդարան եւ ընթացիկ կառավարութիւն, որ բոլորը չի ներկայացներ:

Share this Article
CATEGORIES