Երեսփոխան Յ. Բագրատունի Ծաղկեպսակ Մը Զետեղեց Ապու Շահլայի Շիրիմին
Լիբանանի անկախութեան նախօրեակին եւ համաձայն լիբանանեան ազգային աւանդութեան, երէկ տեղի ունեցաւ անկախութիւնը կերտած լիբանանցի անձնաւորութիւններու շիրիմներուն այցելութիւն եւ ծաղկեպսակի զետեղում:
Այս առիթով, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի անունով Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ծաղկեպսակ մը զետեղեց խորհրդարանի նախկին նախագահ Հապիպ Ապու Շահլայի դամբարանին:
CATEGORIES Լիբանանեան