ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Տէյվիտ Հէյլը
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին ընկեր Յակոբ Խաչերեան եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Նշենք, որ Հէյլի այցելութիւնը կ՛իյնայ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն եւ հեղինակութիւններուն կատարած անոր այցելութիւններուն շրջագիծին մէջ:

