Ելեւմտագէտներու Եւ Դրամատնային Մարզի Ներկայացուցիչներու Համահայկական Երկրորդ Համաժողովը Տեղի Ունեցաւ

IMG_0553-300x199Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, 21 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ ելեւմտագէտներու եւ դրամատնային մարզի ներկայացուցիչներու համահայկական երկրորդ համաժողովը, որուն կը մասնակցէին սփիւռքէն ժամանած ելեւմտագէտներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան, առեւտրական դրամատուներու, ապահովագրական ընկերութիւններու, վարկային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ եւ ներկայացուցիչներ:

Ողջունելով համաժողովի մասնակիցները` նախարար Հրանուշ Յակոբեան կարեւոր նկատեց այս համաժողովին սփիւռքահայ ելեւմտագէտներու մասնակցութիւնը եւ նշեց, որ անկախութենէն ի վեր կայուն դրամատնային համակարգի ձեւաւորումը Հայաստանի կարեւոր ձեռքբերումներէն մէկը եղած է: Ան նշեց, որ այսօր Հայաստանի մէջ առեւտրական դրամատուներէն հինգին մէջ օտարերկրեայ դրամագլուխ ներդրողները սփիւռքահայեր են: Նախարար Հրանուշ Յակոբեան Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան շնորհակալագիրներով պարգեւատրեց «Պրոմեթէյ» դրամատունը եւ «Հայպիսնեսպանք»-ը նախարարութեան ծրագիրները հովանաւորելու եւ սուրիահայ երեխաներու ամառնային հանգիստի կազմակերպումը ֆինանսաւորելու համար:

Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան նախագահի տեղակալ Ներսէս Երիցեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան այս նախաձեռնութեան համար` շեշտելով, որ համաժողովի կայացումը Հայաստանի տնտեսական եւ սփիւռքի մասնագէտներու ջանքերը համախմբելու արդիւնաւէտ միջոց է եւ շարունակական բնոյթ պիտի կրէ:

Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչ տոքթ. Յարութիւն Սամուէլեան նոյնպէս ողջունեց համաժողովին մասնակիցները: Վերջինս 1994 թուականէն ի վեր մեծ ներդրում ունեցած է Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան եւ դրամատնային համակարգի ձեւաւորման գործին մէջ: Տոքթ. Սամուէլեան ներկայացուց Հայաստանի եւ Լիբանանի դրամատնային համակարգի նկարագիրը: Ներկայացնելով Լիբանանի օրինակը` «Մենեյճմընթ Միքս» ընկերութեան տնօրէն Րաֆֆի Սեմերճեան սփիւռքահայերուն յորդորեց աւանդներ ներդնել Հայաստանի մէջ:

Մարզի մասնագէտները ներկայացուցին նախորդ 20 տարիներուն ընթացքին Հայաստանի տնտեսական համակարգի զարգացման ուժականութիւնը: Քննարկելով Հայաստանի տնտեսական համակարգի զարգացման միտումները եւ մարտահրաւէրները` մասնագէտները նշեցին, որ ջանքերը պէտք է ուղղել օտարերկրեայ տնտեսական դրամագլուխը հայաստանեան դրամատուներուն մէջ եւս ներդնելու հարցին վրայ: Առաջարկներ հնչեցին այլ երկիրներու օրինակով ներդրումներու հոսքը պետական քաղաքականութեամբ խրախուսելու մասին:

Կեդրոնական դրամատունը ներկայացուց տնտեսական ճգնաժամի տարիներուն Հայաստանի տնտեսական եւ դրամատնային համակարգի ընդհանուր ցուցանիշները, ինչպէս նաեւ Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան եւ Համաշխարհային դրամատան կողմէ Հայաստանի տնտեսական հատուածի գնահատման ցուցանիշները, ինչ որ կը վկայէ համակարգի կայունութեան եւ հոլովոյթներու արդիւնաւէտութեան մասին: Հայաստանի դրամատուներու միութեան փոխնախագահ Սէյրան Սարգսեանի խօսքէն ետք, նախարար Հրանուշ Յակոբեան կատարեց դրամատուներու համահայկական միութիւն ստեղծելու առաջարկը:

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրտուս Զաքարեան խօսեցաւ Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերու հիմնախնդիրներու լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ իրականացուած աշխատանքներուն ու տնտեսական յատկացումներու մասին եւ վստահութիւն յայտնեց, որ մարզի ներկայացուցիչները իրենց ներդրումը պիտի ունենան սուրիահայերու աջակցութեան ծրագիրին մէջ: Ամերիկահայ գործարար Րաֆֆի Արտհալճեան ներկայացուց առաջարկներ` «Նոր Հալէպ» բնակարանաշինական ծրագիրի իրականացման համար:

Ամփոփելով համաժողովի աշխատանքները` նախարար Հրանուշ Յակոբեան անգամ մը եւս շեշտեց օտարերկրեայ դրամագլուխի ներդրման կարեւորութիւնը Հայաստանի մէջ եւ նշեց, որ անհրաժեշտ է խորացնել համագործակցութիւնը Հայաստանի դրամատնային միութեան հետ, որ համահայկական բոլոր համաժողովներուն սփիւռքահայ հայրենակիցներուն կը ներկայացնէ Հայաստանի դրամատնային համակարգը: Նախարարը բոլոր սփիւռքահայերուն կոչ ուղղեց դրամատնային հաշիւներ ունենալու հայրենիքի մէջ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )